«News.am».- 12 Յունիսին լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան պէտք է լաւ յարաբերութիւններ պահպանէ տարածաշրջանին գլխաւոր դեր ունեցողներուն մեծ մասին ` Իրանի, ԱՄՆ-ի եւ ՌԴ-ի հետ:
Ի պատասխան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն առնչուող հարցումին` Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ վերջին ամսուան ընթացքին բանակցութիւնները կը վկայեն յարաբերութիւններու մակարդակին բարձրացումը: Մանոյեան, սակայն, վստահ է, որ յարաբերութիւնները պէտք է այնպիսի ձեւով ըլլան, որ չվնասեն մնացեալ կողմերու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն: «Ճիշդ կ’ըլլար կշռադատուած յարաբերութիւններու զարգացումը: Հայ-իրանական յարաբերութիւնները չեն կրնար փոխարինել հայ-ամերիկեանին, հայ-ամերիկեանը պէտք չէ խանգարէ հայ-ռուսականը: Անհրաժեշտ է բոլոր կարելիութիւնները օգտագործել», ըսաւ Մանոյեան` յոյս յայտնելով, որ ԱՄՆ-ն Իրանի հարցը յառաջ չմղէ «կամ այնտեղ, կամ այստեղ» պահանջով: