ՀԱՅԿԱԿԱՆ

«ՀԱՅՓՈՍՏ»Ը ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԴԻՄԱՆԿԱՐՈՎ ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹ

4 Յունիսին «Հայփոստ»ը հրապարակեց դրոշմաթուղթ մը, նուիրուած՝ Հայաստանի հաւաքականի անուանի խաղցող Հենրիկ Մխիթարեանի:
450 հայաստանեան դրամ արժով դրոշմաթուղթը տպագրուած է Քանատայի «Lowe Martin Group» տպագրատան մէջ 40.000 տպաքանակով: Դրոշմաթուղթին ձեւաւորումը կատարած է «Հայփոստ»ի գլխաւոր գծագրիչ Վահագն Մկրտչեան: Դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է հայ անուանի ֆութպոլիստ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ խաղցող Հենրիկ Մխիթարեանը՝ Հայաստանի հաւաքականի մարզական շապիկով: Մխիթարեանի դիմանկարը նկարուած է համակարգչային ձեւաւորումով:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ԼԻԽՏԵՆՇՏԷՆ
Ֆութպոլի 2020-ի Եւրոպայի առաջնութեան ընտրական մրցաշարքի երրորդ փուլի մրցումներու շրջագիծին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը, Արմէն Կիւլպութաղեանի գլխաւորութեամբ, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի «Հանրապետական» դաշտին մէջ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիխտենշտէնի հաւաքականը: Հանդիպումի երկրորդ վայրկեանին, Վարազդատ Հարոյեանի փոխանցած գնդակը ստանալով, Գէորգ Ղազարեան կոլերու բացումը կատարեց:
18-րդ վայրկեանին Լիւքսեմպուրկի «Փրոկրես Նիտըրկորն»ի յարձակողական խաղցող Ալեքսանտր Կարապետեան նշանակեց Հայաստանի երկրորդ կոլը։ Խաղին երկրորդ կէսը աւելի հանգիստ ընթացաւ: Երկու խումբերը վտանգաւոր պահեր ապրեցան։ Դարպասապահ Արամ Հայրապետեանի երկու սխալները ճակատագրական կրնային ըլլալ Հայաստանի կազմին համար, սակայն առաջին իսկ առիթին Տարօն Ոսկանեան գնդակը հեռացուց դարպասի գիծէն:
Յաւելեալ ժամանակաշրջանին, Էտկար Բաբայեան, օգտուելով պաշտպաններու սխալէն, խլեց գնդակը, եւ կրցաւ փոխանցում կատարել Բարսեղեանին, որ իր կարգին հաշիւը բարձրացուց 3-0-ի:

ԱՐՈՆԵԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ՄՐՑԱԿԻՑԻՆ

Ճատրակի աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր մրցաշարքերէն մէկը համարուող Նորվեկիոյ միջազգային մրցաշարքի երրորդ փուլի մրցումներուն, Հայաստանի ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթանակ մը արձանագրեց ատըրպէյճանցի մրցակից Շահրիար Մամետեարովի դէմ:
Ցարդ Արոնեան ապահովեց 4 կէտ եւ երրորդ տեղը գրաւեց:
Աշխարհի լաւագոյն ճատրակի 10 վարպետներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցող մրցաշարքը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 Յունիս:
Ցարդ առաջատարն է աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսէն:
Չորրորդ փուլին, Արոնեան պիտի մրցի ֆրանսացի վարպետ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի դէմ:

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՓՈՐԹՈՒԿԱԼ ԴԱՐՁԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԶԳԵՐՈՒ ԼԻԿԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Կիրակի գիշեր տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ազգերու ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն աւարտին Փորթուկալ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հոլանտան եւ բարձրացուց սոյն ախոյեանութեան առաջին բաժակը: Հանդիպումի ընթացքին, փորթուկալցիները տիրապետած էին խաղին եւ յաջողած մէկէ աւելի առիթներով վտանգի ենթարկել մրցակիցին դարպասը: Առաջին կիսախաղը 0-0 հաւասար արդիւնքով աւարտելէ ետք, զոյգ խումբերը յարձակողական խաղարկութեամբ մուտք գործեցին երկրորդ կիսախաղ. 60-րդ վայրկեանին Կոնզալօ Կիտիս կրցաւ նշանակել յաղթանակի միակ կոլը, որուն շնորհիւ ախոյեանութեան բաժակը բարձրացուց խմբապետ Քրիստիանօ Ռոնալտօն: Սոյն մրցաշարքը առաջին անգամն է որ կը կազմակերպուի Եւրոպայի ազգային հաւաքականներու մակարդակով եւ Փորթուկալ կը դառնայ առաջին տիտղոսակիրը:

 

Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան