«Երկիր».-ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու գրասենեակի գործունէութեան շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած է կլոր սեղան-քննարկում` «Եկամտային հարկի դրոյքաչափերու նախատեսուող համահարթեցումը. խնդիրներ եւ այլընտրանքային լուծումներ» նիւթով:

Նախատեսուող փոփոխութիւնը կը հակասէ նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած ընկերային շուկայական տնտեսական կարգ ունենալու պահանջին, որ մտահոգիչ է ընկերային արդարութեան տեսանկիւնէն: Անիկա կը հակասէ նաեւ երկրին առջեւ ծառացած աղքատութիւնը յաղթահարելու, աշխատանքը խրախուսելու, արժանապատիւ վարձատրութեան համակարգ ներդնելու` կառավարութեան խոստումներուն: Ընդդէմ համահարթ եկամտահարկին հունի մէջ մտած է նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան «Ահազանգ» երիտասարդական նախաձեռնութիւնը: