«Երկիր».-25 Յունիսին, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ կատարուած համաձայնութեամբ, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի ծրագրաւորային դիտարկում պիտի կատարէ Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանին` Ակնայէն դէպի հիւսիս-արեւելք շրջանին մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկում պիտի իրականացնեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ Քենատիէ Պետրիկան (Մոլտովա), ինչպէս նաեւ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից  Մարթին Շուստեր (Գերմանիա) եւ ԵԱՀԿ Բարձր մակարդակի ծրաւրաւորման խումբի ներկայացուցիչ փոխգնդապետ Ռալֆ Պոսյարտ (Զուիցերիա):

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն  յայտնած են աջակցիլ դիտարկումին եւ ապահովել ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներուն անվտանգութիւնը: