ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ` քննարկելու համար երկրի մէջ տիրող հասարակական-քաղաքական իրավիճակին առնչուող հարցեր:

24 Յունիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին նախաձեռնութեամբ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան հետ տեղի ունեցաւ միջկուսակցական հանդիպում, որուն Դաշնակցութեան կողմէն կը  մասնակցէին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Շաղիկ Մարուխեան: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կողմէն հանդիպումին կը  մասնակցէին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Աւետիքեան, ատենադպիր Սուրէն Սարգսեան, վարչութեան անդամ Վահէ Դարբինեան եւ ՌԱԿ «Ալէք Մանուկեան» ակումբի ատենապետ Արմէն Սաքապետոյեան:

ՌԱԿ Կեդրոնական գրասենեակէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած է երկրի քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս` որոշ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու առաջարկութիւններ, Սփիւռքի երկու կուսակցութիւններուն ցանցային համակարգի աշխուժութեան, Արցախի անվտանգութեան, ազգային արժէքներու  պահպանման, ինչպէս նաեւ վերջերս լուսարձակի տակ գտնուող` ՀՀ դատական համակարգային փոփոխութիւններուն առնչուող հարցեր:

Հանդիպւմին աւարտին որոշուած է երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը կանոնակարգել ու հանդիպումները դարձնել շարունակական եւ օրակարգային որոշ հարցեր քննարկել մասնագիտական աշխատանքային խումբերու միջոցով: