Ermenihaber.am-էն կը տեղեկանանք, որ 25 Մարտին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Բռնի կամ հարկադրաբար անհետացած անձանց հարցերու աշխատանքային խումբը հարցադրում յղած է Թուրքիոյ կառավարութեան 1915-1923թթ. հարկադիր տեղահանուած հայերուն ճակատագրին մասին:
Ըստ ՄԱԿ-ին, Մարդու Իրաւունքներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ` ՄԱԿ-ի Կարծիքի եւ արտայայտութեան ազատութեան աջակցութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու եւ ՄԱԿ-ի Ճշմարտութեան, արդարադատութեան, փոխհատուցման խրախուսման եւ չկրկնուելու երաշխիքներու հարցերու յատուկ զեկուցողները համատեղ հարցադրում ներկայացուցած են եւ միջնորդած են, որպէսզի Թուրքիոյ կառավարութիւնը դիրքորոշում յայտնէ ներկայացուած հարցապնդման մասին:
Փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած են մասնաւորապէս հետեւեալ հարցադրումները.
- Թուրքիոյ կողմէն ի՞նչ միջոցներ ձեռնարկուած են 1915-1923թթ. ընթացքին բռնի ներքին տեղահանութեան, կալանաւորման, արտադատական սպանութիւններու եւ հարկադրաբար անհետացման ենթարկուած հայերուն ճակատագիրը կամ գտնուելու վայրը պարզելու համար:
- Ին՞չ միջոցներ ձեռնարկուած են ապահովելու համար այդ իրադարձութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը իմանալու տուժածներու եւ, ընդհանուր առմամբ, հասարակութեան իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ապահովելու համար արդարութեան եւ կրած վնասի հատուցման տուժածներու իրաւունքը:3. Ին՞չ միջոցներ ձեռնարկուած են այդ իրադարձութիւններուն հետեւանքով զոհուած հայերու մարմինները գտնուելու վայրերը յայտնաբերելու համար:4. Տեղեկատուութիւն տրամադրել 2017-ին օրէնսդրութեան ընդունման պատճառներուն մասին, որ օրէնսդիրներուն կ’արգիլէ որոշակի արտայայտութիւններ կատարել: Պարզաբանել, թէ ինչպէս կը համատեղուի մարդու իրաւունքներու միջազգային իրաւունքին հետ, մասնաւորապէս Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրի (ՔՔԻՄԴ) 19-րդ յօդուածին հետ:
5. Ներկայացնել մանրամասն տեղեկատուութիւն հայերուն դէմ իրականացուած յանցագործութիւններուն մասին յայտարարութիւններ ընող անձանց պատժելու նպատակով Քրէական օրէնսգիրքին 301-րդ յօդուածի կիրառումի պարագաներուն:
ի դէպ, փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ տրուած է 60 օր ժամանակ վերոնշեալ հարցադրումներուն պատասխանելու համար: ՀԲԸՄ-ի կողմէն տարածուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ կը շրջանառուի այն տեղեկութիւնը, որ թրքական կառավարութիւնը 17 Մայիսին կտրականապէս հրաժարած է պատասխանել այդ հարցումներուն` ի հակադրութիւն ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան ընթացակարգերուն:
իրավիճակը յստակեցնելու նպատակով Ermenihaber.am-ը հարցում կ’ուղարկէ թէ թրքական կողմին եւ թէ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին` խնդրելով տեղեկութիւն տրամադրել վերոնշեալ հարցադրումներուն Թուրքիոյ կառավարութեան ցուցաբերած արձագանգին մասին: