ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանը հրապարակեց Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի գործով մեղադրող կողմին եւ 1 Մարտի գործով տուժողներու իրաւայաջորդներու բողոքներուն մասին որոշումը, որմով բաւարարեց մեղադրող կողմին եւ տուժողներու իրաւայաջորդին բողոքները։ Այդպիսով, բեկանուեցաւ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած կալանաւորման վերացման առնչուող որոշումը եւ նախկին նախագահ Ռ. Քոչարեան կրկին ձերբակալելու որոշում գոյացաւ։
«Կը վերանայ նաեւ Քոչարեանը ազատ արձակելու հիմք հանդիսացած՝ Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկատի Ղուկասեանի անձնական երաշխաւորութիւնը», ըսաւ դատաւոր Արմէն Դանիէլեան:
Ռոպէրթ Քոչարեան, անոր պաշտպանները եւ ընտանիքը, որպէս բողոքի արտայայտութիւն, չմասնակցեցան դատական նիստին, որովհետեւ դատաւոր Արմէն Դանիէլեան նախորդ դատական նիստին թոյլ չէր տուած անոնց ներկայացնելու իրենց դիրքորոշումները։
Քոչարեանի փաստաբանները ըսին, որ կը պատրաստուին բողոքարկելու այս որոշումը՝ իբրեւ հիմք ունենալով այն փաստը, որ ի սկզբանէ խաթարուած է արդար դատաքննութեան սկզբունքը։