Շանթ, շատերու պէս, սկսած է բանաստեղծութեամբ։ Քանի որ Շանթ-գրագէտը մեր իրականութեան մէջ կ’ընկալուի առաւելաբար իբրեւ թատերագիր եւ վիպագիր, անոր բանաստեղծութեան վրայ երկար կանգ չենք առներ։ Այս յօդուածաշարով նպատակ չունիմ ընդհանրապէս մխրճուելու Շանթի գրականութեան աշխարհի վերլուծութեան նուրբ ու դժուարին մթնոլորտին մէջ, որ ինձմէ լաւ ընողներ եղած են։ Իսկ բանաստեղծութիւններէն կ’ընտրեմ յատկանշական այն գործերէն, որոնք առաւել խտացուած ձեւով երիտասարդ Շանթի ձգտումներու ու նկարագիրի հայելիներն են։ Ձգտումներ ու փիլիսոփայութիւն, զորս ուղենիշ եղան ու սկզբունք՝ իր հետագայ ամբողջ կեանքին ու գրականութեան վրայ տարածուող։ Այդ իմաստով կարեւոր է «Ինչու» քերթուածը, զոր կը բերեմ ամբողջութեամբ՝
«ինչո՞ւ կը գրես» հարց կու տան ինծի.
ու ես զարմացած կը նայիմ իրենց։
ինչո՞ւ կը գոռայ թափովն առիւծի 
ալեկոծ ծովը խոժոռ ժայռին մերձ.
կամ հեզամրմունջ վտակը ինչո՞ւ
իր թարմ կարկաչը կոլըրէ անուշ,
երբ անփոյթ, կայտառ ու զուարթաչու
առաջ կը գայթի նազանքով քնքուշ.
ո՞վ կը հարցնէ եռուն ջրվէժին, 
թէ ինչո՞ւ անդուլ կը հանէ շառաչ,
մինչ սեպ բարձունքէն անդունդ կը խուժեն
փրփուր կոհակներ յորդ ու կաթնալանջ.
իսկ դո՞ւն. քու վրադ հարցեր թափեցին,
երբ խուռն հիւսքը խինդ ու կսկիծի
երգի մը փարած սրտէդ դուրս յորդեց։
Բայց կը հարցնեն այդ ինչուն ինծի.
ու ես զարմացած կը նայիմ իրենց։
Հարցում, որ եթէ ուղղակի չի տրուիր, սակայն յաճախ կը մտածուի։ Իբրեւ պատասխան՝ Շանթ իր յոյզերը, հրճուանքներն ու կսկիծները հաւասար յայտարարի կը բերէ բնութեան տարերքներուն հետ, որոնք անխուսափելիօրէն պիտի կատարուին՝ իբրեւ արդիւնք բնական ուժերու շարժումին։ Նոյն կերպ ալ, բանաստեղծը կը գրէ՝ ընթացք տալով իր հոգիին մէջ եռացող ու ելք պահանջող զգացումներու հեղեղին։
Թէեւ Շանթ իրեն հասցէագրուած «Ինչու»-ին ծալքերուն մէջ չի խորանար, բայց դժուար չէ նկատել մտայնութեան այն նոյնութիւնը, որուն իբրեւ պատասխան Թումանեան գրած է իր նշանաւոր «Պոէտն ու Մուսան», ուր հայ մեծահարուստը բանաստեղծին «պարապ մարդ» կը կոչէ (Յոյսով եմ այս նիւթին անդրադառնալ Թումանեանի առիթով)։
Հոս անհամեստօրէն «իմ կաղ էշով կարաւանին կը խառնուիմ» ու կը յիշեմ, որ կրթուած (ըսել կ’ուզեմ՝ ուսանած) անձնաւորութիւն մը ինծի նոյն հարցումը ուղղեց, աւելի մերկ ու առարկայապաշտ մօտեցումով։ «Գրածէդ դրամ կը շահի՞ս», հարցուց. «Ոչ», պատասխանեցի. «Ուրեմն ինչո՞ւ կը գրես», եղաւ յաջորդ հարցումը, որուն պատասխան չգտայ «ու ես զարմացած նայեցայ իրեն» … 
Երկրորդը, զոր կ’ուզէի ուշադրութեան յանձնել, Շանթին «Վեր» քերթուածն է։ Դարձեալ բանաստեղծի ըղձանքներուն սնուցիչը բնութիւնն է։ Հոն բացարձակ մաքրութիւն է ու ազատութիւն եւ բանաստեղծի հոգին կ’ուզէ թռչիլ, հովերուն եղբայրանալ, բազէի թռիչքին հասնիլ ու կայծակները չափել։ Սակայն վեր ձգտողը, «գլուխներէ վեր» բարձրացողը մարդոց նեղ եսասիրութիւնը կը վիրաւորէ եւ որպէս պատասխան՝ կը ծաղրեն, կը նսեմացնեն իրենցմէ վեր գտնուողը։ Բանաստեղծը, սակայն, իր գաղափարին համոզուած ու տենչանքին մէջ աներեր՝ անփոյթ է վարի մարդոց կարծիքներուն հանդէպ.
Էհե՜յ, ես վեր թռչիլ կ’ուզեմ.
մաքուր է հոն, արձակ, ազատ.
………………………………….
Գիտեմ, վայրէն այն վարանոտ
խելօք մարդոց երամն ըստուար՝
«ինչ գործ ունի այդ խեւը հոդ»
պիտի ըսեն, նային իրար.
եւ թո՛ղ նային, հեգնեն ալ թո՛ղ
խելօք ծաղրովն իրենց անհամ.
էհե՜յ, միշտ վեր ես սրտադող
միշտ վեր կ’ուզեմ, որ խոյանամ։
Ըստ Շանթի մասին իր աշակերտներու յուշերուն, ան մինչեւ ծերութիւն ալ այդ սկզբունքին հարազատ մնացած է, քանի որ խոր ինքնաճանաչողութիւնը թոյլ տուած է ապրիլ իր սկզբունքներու համաձայն- եւ ոչ՝ այլոց կարծիքներով։ Մուշեղ Իշխանի «Իմ Ուսուցիչները» հատորին մէջ կը կարդանք՝ «Եւ արդէն «հանրային կարծիք» կոչուած երեւոյթին արժէք չէր տար։ «Ամէն մարդ ինք պիտի կազմէ իր կարծիքը վարած կեանքին ու ըրած գործի մասին»։ Ա՛յս էր կեանքի փիլիսոփայութիւնը։ Խղճիդ հետ դէմ առ դէմ, դուն քեզի դատաւոր» (էջ145)։
Վերջապէս, Շանթ-գրագէտին մարդկային էութիւնը, տասնաբանեան, հաւատամքը, անոր ամբողջ ստեղծագործութեան ոգին խտացնող ամէնէն յատկանշական քերթուածը՝ «Ես Պատրանքը Սիրեցի»։
Կեանքի ճանաչողութեան ընթացքին հիասթափութիւնները կը յաջորդեն իրարու, իրական կեանքը հեռու է մարդկային թռչող երեւակայութիւնը ու վսեմ երազները գոհացնելէ։ Պատանին իր վաղ գարունքին իսկ կը լսէ թէ «իտէալը միայն գիրքերու մէջն է», կը համոզուի, թէ «այս կեանքին մէջ երազները չեն իրագործուիր», թէ խաբկանք են սիրոյ խոստումները եւ նոյնիսկ, երբ կը ծնի «հայրենիքի հուր կարօտը», կը հասկնայ, թէ ստիպուած է իրը «չեղող հայրենիքը» սիրել։ Ահա թէ ինչու երազող, վսեմ իտէալներու հետամուտ անձը կ’որդեգրէ կեանքի ոգեղէն պարապը պատրանքով լեցնելու գեղեցիկ խաբկանքը.
Ինծի համար այն ժամերը թանկ եղան,
Երբ ներշնչուած ստեղծեցի միշտ անգոյ
Բայց անձնուրաց ազնիւ դէմքեր սիրեկան,
Երբ իրական աշխարհին մէջ միշտ դժգոհ,
Իտէալի կեանքէն երգել ուզեցի.
Ես պատրանքը սիրեցի։
Այս տրամադրութիւնը, հայոց կեանքի որոշակի ժամանակաշրջանի մը հասարակաց ըլլալով հանդերձ, յատուկ է մարդկային կեանքին ընդհանրապէս։ Մասնաւորաբար ռոմանթիկ հոգիներն են որ կեանքին մէջ կը տառապին իտէալի չգոյութենէն, չոր ու դաժան իրականութենէն ու կ’երազեն անգոյ կեանք մը, այսինքն՝ իրենց հոգիին ծնած գեղեցիկ հեռուները։ Յատկապէս 20-րդ դարասկիզբը հայ կեանքը կը խեղդուէր շարունակուող ու անվերջ թուացող ցաւերու ու ճնշումներու մէջ, անորոշ ու մռայլ հեռանկարով։ Հայ բանաստեղծներէն շատեր յուսահատութեան երգեր հնչեցուցին ու փորձեցին իտէալի գոյութեան անգոյ եզերքներ փնտռել։ Կարկառուն օրինակ է Իսահակեանի «Ապու Լալա Մահարի»-ն։ Հոս յիշենք միայն օրինակը Ռուբէն Սեւակի.
Չգիտնալ որ հո՜ս իտեալը չիկա՜յ…
Ուխտագնա՜ց երթալ ափերն հեռակայ,
Դէպի ուղին երջանկութեան մշտակայ… ( «Երթա՜լ…» )
Լալա Միսկարեան-Մինասեան
(Շար.6)