-Ճեմարան ըսելով՝ միայն  դաս ու դասարան չհասկնաք:  Մեր ճեմարանը ունի յատուկ մթնոլորտ:  Դպրոցները իրարմէ կը զանազանուին իրենց մթնոլորտով: Դպրոցական  շատ ջերմ  կապերով կա-պուած ենք իրարու շնորհիւ  մեր դպրոցի մթնոլորտին: Այլեւս ուրիշ տեղ պիտի չգտնենք այս  մթնոլորտը:   Մեզի համար ամէնէն դժուարը այդ մթնոլորտէն բաժնուիլն  է:
-Ճեմարանը մեզի տուաւ ուսում, կրթութիւն, հայեցիութիւն:   Մենք  կրթուեցանք, դաստիարակուեցանք, մշակուեցանք, ազնուացանք՝ իւրացնելով  ազգային եւ մարդկային  արժէքներ, որոնց հաւատարիմ  պիտի մնանք:
-Դպրոց կը նշանակէ  ուղղութիւն:  Ճեմարանը մեզի ա՛յդ  տուաւ:  Ճամբայ կ’ելլենք  դէպի կեանքի նոր փուլ՝  ունենալով յստակ ուղղութիւն:  Ուղղութիւն ունեցողը չի կորսուիր:
-Եթէ մէկը  ուղղութիւն  ունի, ուրեմն ան պատասխանատու անձ մըն է: Կեանքի ամէն մէկ փուլ մարդ  տարբեր պատասխանատուութիւն  կ’ունենայ: Ճեմարանաւարտի պատասխանատուութիւնը միշտ մեզի հետ պիտի մնայ:
-Ճեմարանը  մեծ ընտանիք մըն է: Մեզմէ  իւրաքանչիւրը  իր սեփական ճամբան պիտի  ընտրէ, տարբեր  մասնագիտութեան պիտի հետեւի,   անձնական  կեանքը  պիտի կերտէ: Մեզ միացած պահողը  մեր ճեմարանցի   ըլլալն է: Ճեմարան յաճախելը դիւրին է, իսկ ճեմարանցի ըլլալը աւելի դժուար է:   Ճեմարանը մեզմէ   կ’ակընկալէ որ  ուսանինք եւ յաջող անձեր ըլլանք:  Եւ կ’ըլլանք, անպայմա՛ն կ’ըլլանք, որպէսզի  մեր  Ճեմարանը հպարտանայ մեզմով:
-Ըսած  են՝ ուսումը յաղթանակի զէնքն է, ան  կը բանայ ամէն դուռ:  Ճեմարանը մեզի  տուաւ այդ զէնքը:  Այդ զէնքը   մեր ամբարած գիտելիքներն են,  հմտութիւններն են եւ  այն ինչ որ մեր միտքին եւ հոգիին մէջ ամրացած է  դպրոցական տարիներու ընթացքին:
-Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս աւարտական  դասարան հասանք, բնաւ չիմացանք:
-Այնպէս կը թուի, թէ Ճեմարան  աւարտելը  այնքան ալ դժուար չէ,  որքան անկէ  բաժնուիլը:
-«Մնաք Բարով», կ’ըսեն մեկնողները: Մենք մեկնողը չենք Ճեմարանէն: Իսկական վերադարձի  առաջին օրը կը սկսի, երբ վկայական ստանանք: Ուրեմն եկէք, ըսենք՝ «Ցտեսութիւն»:
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի
ԺԲ. կարգի աշակերտներ (2018)