«Արմէնփրէս».-Ատրպէյճանի բանակի զինծառայողները պիտի մասնակցին Պելառուսի անկախութեան օրուան առիթով Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք զօրահանդէսին: Լրագրողները այս առնչութեամբ ՀՀ Արտագին Գործերու Նախարարութեան խօսնակէն խնդրեցին ներկայացնել Երեւանի դիրքորոշումը Հաւաքական ԱնվտանգութեանՊայմանագիրիԿազմակերպութեան գործընկերոջ կողմէ Հայաստանի հակառակորդին նման հրաւէր ուղարկելու մասին:
Նաղդալեան ըսաւ.«Ոորեւէ երկրի իրաւունքն է` իր քով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն փափաքած գործընկերը հրաւիրել»:
Ինչ կը վերաբերի հայկական պատուիրակութեան մասնակցութեան, ան խոստացաւ ճշդել` հրաւէր ղրկուա՞ ծ է, թէ՞ ոչ:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարի կայքին մէջ հրապարակուած էր հաղորդագրութիւն, որ ՀՀ Զինուած ՈՒժերու զինծառայողները զօրահանդէսին պիտի մասնակցին: «Պելառուսի պաշտպանութեան նախարարի հրաւէրին համաձայն, ՀՀ զինուած ուժերու պատուոպահակային վաշտի դրօշակակիրները պիտի մասնակցին Մինսքի ազատագրման 75-րդ տարեդարձին եւ Պելառուսի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առիթով 3 Յուլիսին Մինսքի մէջ տեղի ունենալիք ռազմական շքերթին», ըսուած էր հաղորդագրութեան մէջ:
Արտաքին Գործերու նախարարի խօսնակ Աննա Նաղդալեան նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Լեհաստանի դեսպանատան կողմէ անցագրերու տրամադրման արհեստական խոչընդոտներու ստեղծումի մասին «Հետքի» հրապարակումներուն: Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը, ըստ անոր, գործընթացը կը դիտարկէ Հայաստան-Եւրամիութիւն անցագրեր ստանալու դիւրացումով, եւ այս պարագային թերացումները անընդունելի են:
«Մենք խստօրէն պիտի անդրադառնանք այս հարցին: Այս առնչութեամբ Հայաստանի մէջ Լեհաստանի դեսպանը հրաւիրուած է ԱԳՆ` պարզաբանումներու համար, եւ անոր ներկայացուած է ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան դիրքորոշումը», ըսաւ Նաղդալեան:
ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը նաեւ յայտնեց, որ Հայաստան-Եւրամիութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը վաւերացուցած երկիրների քանակը հասած է 13-ի` էսթոնիա, Լաթվիա, Լիթվիա, Պուլկարիա, Լեհաստան, Լիւքսենպուրկ, Դանիա, Մալթա, Ռումինիա, Մեծն Բրիտանիա, Ֆինլանտա, Հունկարիա, Սլովաքիա: Եւրոպայի խորհուրդին իրենց վաւերացման գործընթացին աւարտին մասին յայտնած են սոյն պետութիւնները:
Նաղդալեան աւելցուց.«Կիպրոսի հետ համաձայնագիրը վաւերացուած է, ինչպէս նաեւ՝ Գերմանիոյ Պունտեստաքի, Չեխի Պատգամաւորներու պալատի եւ Շուէտի խորհրդարանի կողմէն, եւ գործընթացը անցած է վաւերացման յաջորդ փուլ»: