ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան կը խնդրէ կասկածի տակ չդնել ՀՀ Սահմանադրութեան օրինականութիւնը եւ համամիտ չր այն միտքին, թէ Հանրապետութեան նախագահը Սահմանադրութեան համաձայն բաւարար լիազօրութիւններ չունի:
«ՀՀ Սահմանադրութիւն. կարմիր եւ կանաչ գիծեր» խորագրով խորհրդաժողովին Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց. «Ունի: Իր թէ՛ սահմանադրական կարգավիճակը` որպէս անաչառ, համազգային նպատակներու հետեւորդ, եւ թէ՛ որպէս ՍԴ-ի միջոցով գործադիր եւ օրէնդիր մարմիններու գործողութիւններն ու անգործութիւնը վիճարկելու սահմանադրական լիազօրութեամբ օժտուած անձ, ան այսօր կրնայ ամէնէն աշխոյժ դերակատարը ըլլալ Սահմանադրութեան պահպանութեան համար»:
Ան ըսաւ, որ նախագահը ունի կարեւորագոյն գործիք` ուղերձով դիմելու Ազգային ժողովին, կարգաւորելու եւ առաջարկելու շարք մը փոփոխութիւններ:
Մինասեան առաջարկեց նաեւ այնքան արժեւորել Սահմանդրութիւնը, որ ան ամէնօրեայ ապրելակերպ դառնայ: