Խօ­սիլ S-400 հր­թիռ­նե­րու մա­սին, կը նշա­նա­կէ խօ­սիլ աշ­խար­հի օդա­յին պաշտ­պա­նու­թեան մէջ կի­րա­ռուող ամե­նա­զար­գա­ցած, ամե­նաճշգ­րիտ եւ հզօր հա­մա­կարգ­նե­րէն մէ­կուն մա­սին։
Զի­նուո­րա­կան մաս­նա­գէտ չեմ, սա­կայն կ’ու­զեմ բաժնեկցիլ մտա­հո­գու­թիւն­ներս այս հր­թիռ­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան այս­պէս կոչ­ուած սթ­րա­թէժի­ա­կան (ռազմավարական «Գ.») դաշ­նա­կից, պաշտ­պա­նո­ղա­կան եւ անվտան­գու­թեան նոյն հա­մա­կար­գի մէջ գտ­նուող մեր գոր­ծըն­կե­րը յա­մա­րուող Ռու­սաս­տա­նի դաշ­նու­թեան շուրջ։
Մօտաւորապէս 2 տարի­էն աւե­լի է, որ ռուս-թր­քա­կան սիրաբանութիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի։ Թուրք­իոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ան­յա­ջող կամ ստեղծուած յե­ղաշրջ­ման թատ­րո­նէն ետք։
Թուրք­ի­ան եւ կամ ալ որո­շ թե­լադ­րու­թիւն­նե­րով՝ ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով՝ իր իս­կա­կան վար­պետ­նե­րէն ստա­ցած հրա­հանգ­նե­րով՝ փոր­ձեց եւ կը փոր­ձէ մօտենալ ռու­սա­կան ժա­մա­նա­կա­կից կայս­րութ­եա­ն։
Այս մօ­տե­ցու­մը ռու­սա­կան տե­սան­կիւ­նէ դիտ­ուած շատ շա­հե­կ­ան եւ ձեռն­տու է։ Նախ Ռու­սաս­իա դէ­պի եւ­րո­պա եր­կա­րաձգ­ուած «հա­րա­ւա­յին հոսք» կա­զա­մո­ւղի նոր տա­րան­ցիկ ճա­նա­պարհ սկ­սաւ կա­ռու­ցել, թր­քա­կան ծո­վու եւ հո­ղե­րու վրայ եւ Թուրք­իոյ հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով։ Փոր­ձեց ձե­ւով մը «Աս­թա­նա»ի եր­դի­քի ներ­քեւ Թուրք­իոյ հետ՝ Սուր­ի­ա­կան հիմ­նա­հար­ցին շուրջ հաս­նիլ ընդ­հա­նուր յայ­տա­րար­նե­րու, չնա­յած այդ ճամ­բան լեցուն է շատ խո­չըն­դոտ­նե­րով ու ական­նե­րով։ Ամե­նա­կա­րե­ւոր հան­գա­մանք­նե­րէն մէկը այն է, որ երբ 2023-էն ետք՝ թր­քա­կան ջրանցք­նե­րու կար­գա­վի­ճա­կը «Լո­զան»ի պայ­մա­նագ­իրի 100-ամ­եա­կէն ետք, պի­տի վե­րա­նայ­ուի։ Ռու­սաս­իա խս­տօ­րէն հե­տաքրքր­ուած է այս կեն­սա­կան ջրանց­քի ապա­հո­վու­թեան ու ան­խա­փան աշ­խա­տան­քի հար­ցե­րով եւ միշտ կը փոր­ձէ Թուրք­իոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը չս­րե­լու ճա­նա­պարհ ընտ­րել։
Իսկ ի՞նչ կը վե­րա­բեր­ի S-400 օդա­յին հր­թիռ­նե­րու հար­ցին, այս հր­թիռ­նե­րը՝ եթէ տե­ղա­կայ­ուին Թուրք­իոյ տա­րած­քի վրայ, շատ լուրջ վտանգ պի­տի սպառ­նայ հայ­կա­կան օդու­ժի ան­խա­փան թռիչ­քին եւ ապա­հով աշ­խա­տան­քին այդ նոյ­նիսկ հո­գե­բա­նա­կան եւ ճարտարարուեստական մեծ առա­ւե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Կով­կա­սի հիւանդ երկ­րի՝ Ատր­պէյ­ճա­նի բռ­նա­պե­տա­կան հա­մա­կար­գին։
Ուս­տի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րութ­եան վրայ՝ մեծ գործ եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կ’իյ­նայ այս հար­ցին առնչութեամբ, որ այս գոր­ծառ­քի իրա­կա­նաց­ման պա­րա­գա­յին, պէտք է կէ­տով մը ամ­րագր­ուի այս մէ­կը, որ այս հր­թիռ­նե­րը զուտ Թուրք­իոյ օդա­յին տա­րած­քի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար պի­տի օգ­տա­գործ­ուին եւ յատ­կա­պէս այդ­պի­սի ժա­մա­նա­կա­շրջանի մը մէջ՝ երբ թր­քա­կան եւ ազեր­ի­ա­կան բա­նակ­նե­րը հայ­կա­կան բռ­նագ­րաւ­ուած Նա­խի­ջե­ւա­նի տա­րած­քի վրայ մի­ա­սին կը կազ­մա­կեր­պեն զի­նա­մար­զու­թիւն­ներ եւ զի­նա­փոր­ձեր, ձե­ւով մը մեզի սպառ­նա­լիք պա­րու­նա­կող նա­մակ­ներ ու­ղար­կե­լով։
Սա­կայն՝ ինչ­պէս գի­տենք, ԱՄՆ-ի կա­ռա­վա­րու­թիւնը շատ լուրջ ձե­ւով սպառ­նաց Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րութ­եան եւ անոր ներ­կա­յա­ցուց վերջ­նա­ժամ­կէտ մին­չեւ Յու­լի­սի վեր­ջը, որ Թուրք­իա ճշ­դէ իր դիր­քե­րը ռու­սա­կան S-400-էն եւ ամե­րիկ­եան «Փա­թէրի­ոթ»նե­րէն, որոնցմով պի­տի փոր­ձէ պաշտ­պա­նել իր օդա­յին տա­րածք­նե­րը։
Կը կար­ծեմ, որ Էր­տո­ղան վեր­ջին վայրկ­եա­նին կտ­րուկ շր­ջա­դարձ պի­տի կա­տա­րէ, որով­հե­տեւ ան չի կր­նար ամե­րիկ­եան եւ իս­րա­յէլ­եան զինք նշա­նա­կող ու­ժե­րու դէմ ելլել եւ կը կար­ծեմ, որ պի­տի հրա­ժար­ի S-400-նե­րու տի­րա­նա­լու հզօր երա­զէն, ինչ­պէս որ, ժա­մա­նակ մը առաջ, դարձ­եալ ամե­րիկ­եան ճն­շում­նե­րու ներ­քեւ, հրա­ժար­ե­ցաւ չինա­կան հր­թիռ­նե­րու եւ չի­նա­կան մար­տա­կան ճար­տա­րար­ուես­տի տի­րա­նա­լու թու­րա­նա­կան հիւանդ մար­մաջ­նե­րէն։
Իսկ մեզի, իբր հա­յեր, կը մնայ զգոյշ ըլ­լալ այս­պի­սի մեծ թա­կարդ­նե­րէն։ Մեզի կը մնայ զար­գաց­նել մեր զի­նուո­րա­կան ռազ­մա­պա­հես­տը, որու գի­տա­կան հիմքը եւ փոր­ձա­ռու­թիւնը կը կար­ծեմ գո­յու­թիւն ու­նին մեր երկ­րի մէջ։
Իսկ կեան­քի մէջ դաշ­նա­կից­ներ, գոր­ծըն­կեր­ներ ան­պայ­ման, որ պի­տի ու­նե­նանք, մեր շա­հե­րը չզի­ջե­լով մեր դաշ­նա­կից­նե­րուն, որոնք յա­ճախ մեզ խոր հի­աս­թա­փու­թեան կը մատ­նեն։ Վեր­ջին փաս­տը Պե­լա­ռուս­իոյ կեցուածքն էր մեր երկ­րի նկատ­մամբ։
Հա­յաս­տա­նը միայն իր զա­ւակ­նե­րու բա­զուկ­նե­րով ու­ժեղ է, այս է ամե­նա­մեծ խոր­հուր­դը եւ իմաս­տը մեր դա­րա­ւոր պատ­մու­թե­նէն մե­զի հա­սած…։
Յակոբ Նալպանտ-Տլտեան