«Արցախփրէս».- Ամերիկեան ռէալիթի շոուի աստղ Քիմ Քարտաշեան ծաւալուն հարցազրոյց  կատարած է The Wall Street Journal-ին:  Ան իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը իր առաքելութիւնը դարձնել կը փափաքի:

Քիմը, որ  ԱՄՆ-ի քրէական արդարադատութեան բարեփոխումներու հարցերով կը զբաղի, իր ուշադրութիւնը կ’ուզէ կեդրոնացնել Ցեղասպանութեան ու վերջերս հաղորդագրութիւն  ուղարկած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի փեսային` Ճարետ Քուշներին, որ նաեւ նախագահի խորհրդականն է, խնդրելով քննարկել հարցը:

Քիմը նկատի ունենալով ամերիկահայ իրաւաբան Ռոպերթ Քարտաշեանը ըսած է.«Ես կը փափաքիմ այն (ցեղասպանութեան ճանաչումը) դարձնել իմ առաքելութիւնս: Հայրիկս շատ կը հպարտանար»:

WSJ–ը նաեւ կը յայտնէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Քիմ Քարտաշեանին պիտի զանգէ քոնկրեսական Ճեքի Սփիր` ակնկալելով այս հարցին մէջ Քարտաշեան-Ուեսթի աջակցութիւնը: «Եթէ դուն կարենաս նախագահի ցեղասպանութեան ճանաչման հասնիլ, ան կ’ըլլայ բեկումնային` Քոնկրեսի մէջ ցեղասպանութեան բանաձեւերու ընդունման համար»,ըսած է Ճեքի Սփիր Քարտաշեանին:

Նշուած է, որ 3 օրէն Քարտաշեան  Սպիտակ տուն պիտի երթայ` քննարկելու քրէական արդարադատութեան հետ կապուած հարցերը: Ան  խոստացած է նաեւ անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին: