«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի այս տարուան Լէօ Սարգիսեան անունը կրող վարժողական ծրագիրին մասնակցողները Ուաշինկթըն ժամանելէ անմիջապէս ետք գործի անցան՝ յառաջ մղելու համար Հայաստանի համար յաւելեալ 40 միլիոն տոլարի, իսկ Արցախի ականազերծման համար յաւելեալ 1.5 միլիոն տոլարի ամերիկեան աջակցութիւնը ապահովելու քոնկրեսականներու առաջարկներուն վաւերացումը ապահովելու ջանքերը, որոնք յաջողութեամբ պսակուեցան։

«Անտեսելով մայրաքաղաք Ուաշինկթընի խոնաւ ջերմութիւնը, 8 շաբաթեայ ծրագիրին մասնակցողները միայն երկու օրերու ընթացքին այցելեցին 439 քոկրեսականներու գրասենեակները՝ ջատագովելով քոնկրեսականներ Ճեքի Սփիրի եւ Թի. Ճէյ. Քոքսի առաջարկները», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան։

Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ ժամանած երիտասարդները պիտի շարունակեն գործնական դերակատարութիւն ունենալ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն մէջ:

Այս տարուան ծրագիրին մասնակցողներն են՝ Վարանդ Անմահունի («Ճորճթաուն» համալսարանի իրաւագիտութեան բաժանմունք), Ռուբինա Պօզոյեան (Մոնթքլերի նահանգային համալսարանի ելեւմտական ուսմանց ուսանող), Նայիրի Տիրացուեան («Ռամաթօ» համալսարանի հոգեբանութեան ծրագիրի եւ արդարութեան ուսմանց բաժանմունքի ուսանող), Մարի Գալստեան («Հարվըրտ» համալսարանի կառավարական ուսմանց եւ երաժշտութեան ուսանող), Յակոբ Հալպիէքեան (քաղաքական գիտութեանց ուսանող՝ Լոս Անճելըսէն), Քարին Գասապեան (մարդաբանութեան եւ քաղաքական գիտութեանց ուսանող «ՄըքԿիլ» համալսարանէն), Կրեկըրի Միխանճեան (Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆուլըրթընի մասնաճիւղի քաղաքական գիտութեանց ուսանող) եւ Տարօն Պօղարեան («Մերիմեք» համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց ճիւղի ուսանող)։

Այս տարի, վարժողական ծրագիրին կը մասնակցին երկրորդական վարժարաններէ երկու ուսանողներ՝ Արիա Պալեան (մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն) եւ Հայկ Սարաֆեան (Փենսիլվանիայէն)։

Վարժողական այս ծրագիրը հիմնուած է 1986ին եւ կը կրէ Հայ Դատի տարածման համար տասնամեակներով աշխատանք տարած՝ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հանգուցեալ ղեկավարներէն Լէօ Սարգիսեանի անունը: Ցարդ, վարժողական ծրագիրը ամբողջացուցած են հարիւրաւոր հայորդիներ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարածքէն, որոնք, իրենց կարգին, կը նպաստեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու կը շարունակեն պայքարը Արցախի անկախութեան եւ ապահով, բարգաւաճ ու ժողովրդավար Հայաստանի համար: