Յոյն աշխարհահռչակ փիլիսոփայ Սոկրատ ծնած է Աթենք, Ք.ա. 469-ին, եւ մահացած՝ Ք.ա. 399-ին։ Ան իմաստասիրական սեփական հայեացքներն ու տեսութիւնները ձեւակերպած է բանաւորապէս, ինչ որ նկատառելիօրէն դժուարացուցած է անոնց ճշգրիտ բովանդակութեան լիարժէք բացայայտումը տարբեր աղբիւրներէ (ինչպէս՝ Պղատոնի, Քսենոֆոնի եւ այլոց վերագրուած հաստատումներէ)։
Սոկրատի ասմունքն ու տեսութիւնները կը բնորոշուին աւանդական բնափիլիսոփայութենէն բարոյական իմաստասիրութիւն անցումով, մեր մոլորակի վրայ մարդու դիրքին եւ դերակատարութեան, անոր դաւանած առաքինութիւններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն վերաբերեալ։ Սոփեստներու նպաստը անուրանալի եղած է սոկրատեան փիլիսոփայութեան կազմաւորման եւ բանաձեւման մէջ։ Սոկրատ որպէս նշանաբան դաւանած է յոյն իմաստասէր Քիլոնի «Ծանիր զքեզ» հանրածանօթ պատգամը։ Մեկնելով բանականութեան համընդհանրութեան սկզբունքէն՝ ան գոյացուցած էր այն համոզումը, որ առաքինութիւնը կը պայմանաւորուի գիտելիքով, հետեւաբար՝ մարդու բարոյական պարտքն է իմացութեան տիրանալը եւ համաձայն գիտելիքի գործելը։ Սակայն, կատարեալ եւ ամբողջական իմաստութիւնը վերապահուած է միայն Ամենակալ Աստծուն, իսկ մարդուն հասանելի կը մնայ լոկ բաժին մը անկէ։
Ահա թէ ինչո՛ւ Սոկրատ կարեւորութեամբ կ’ընդգծէ գիտութեան եւ անգիտութեան սահմանները ճանչնալու անշրջանցելի հրամայականը, զայն եզրակացնելով՝ «Ես գիտեմ, որ ոչինչ գիտեմ» հաստատումով։ Իրերու կամ հանրախնդիրներու էութիւնը բացայայտելու եւ սահմանելու հետամտութեամբ բանավիճելու փիլիսոփայական արուեստը Սոկրատ բնութագրած է տիալեքթիքա (տրամաբանութիւն, խոհաքննարկում) որակումով, զայն հակադրելով սոփեստներու վիճաբանելու արուեստադրոյթին (էրիսթիքայի հակաճառական մեթոտին)։ Զանազան հասկացութիւններու կամ ըմբռնողութեանց (ինչպէս՝ առաքինութեան, ազնիւի, բարիի, վսեմի, գեղեցիկի եւ այլն) ընդհանուր սահմանումի ընթացքին մեծ իմաստասէրը կիրառած է ինտուքցիան (թելադրականութիւնը)՝ զայն հմտօրէն զուգակցելով տետուքցիայի (հետեւականին, յառաջբերականին) հետ։ Ան ճանաչողութիւնը մեկնաբանած է որպէս անմահ հոգիի նախկին գիտելիքներու վերապրում, ընդհանուր սահմանումներու շրջածիրին մէջ գիտելիքի վերածնունդ եւ ամրագրում։
Սոկրատ զրուցակիցի գիտելիքը բացայայտելու, ստուգելու իր եղանակը մանկաբարձութեան նմանողութեամբ կոչած է մանթիքա (մանկաբարձական արուեստ) անունով։ Հասկացութիւնը Համաձայն մեծանուն փիլիսոփային, ան սոսկ մտածողութեան ենթակայական երեւոյթ չէ, այլ բանականութեան, ճշմարիտ կեցութեան որոշատեսակ մտահասանելի առարկայականութիւն։
Քաղաքական յարաբերութիւններու, հաստատութիւններու եւ ուղղուածութեանց առարկայական-բնական, ու հետեւաբար՝ արդարացի բնոյթի իմաստասիրական հիմնաւորման փորձը կը կազմէ Սոկրատի փիլիսոփայութեան էական մասը։
Համաձայն անոր՝ քաղաքն ու քաղաքացին պէտք է կառավարուին բանիմաց, գիտելիքի տիրապետող եւ հասարակութիւնը յուզող հիմնախնդիրներուն քաջատեղեակ մարդոց կողմէ։ Օրէնքները պէտք է ըլլան տրամաբանական եւ արդարացի, այլ խօսքով՝ պէտք է համապատասխանեն քաղաքացիներու մտածողութեան եւ ընկալումին, իսկ արդարացին եւ օրինականը, Սոկրատի տեսակէտով, նոյն բովանդակութիւնն ու նշանակութիւնը ունին։
Բանական որոշ արիստոկրատիզմով (ազնուականութեամբ) յագեցած անոր քաղաքացիական-իրաւական իտէալը, բռնութիւններու եւ անօրինականութիւններու պատճառով, հակադրուած է կառավարման առգոյ գրեթէ բոլոր ձեւերուն, դրոյթներուն (ինչպէս, բռնապետութիւն, թագաւորական իշխանութիւն, աթենական ժողովրդավարութիւն եւ այլն)։ Իր լուսաւորչական գործունէութեան, բարեկարգիչ մտածումներուն, ու յատկապէս՝ աթենական ժողովրդավարութեան (դեմոկրատիա) դէմ քննադատական ելոյթներուն հետեւանքով, Սոկրատ Ք.ա. 399-ին ամբաստանուեցաւ երիտասարդութիւնը այլասերելու, սայթաքեցնելու, նուիրականացած աստուածները չճանչնալու կամ ուրանալու եւ նոր աստուածութիւններ որոնելու, ստեղծելու յանցանքներով։ 501 երդուեալներէ բաղկացած Աթենքի դատարանը զինք դատապարտեց մահուան՝ դատավարութեան ընթացքին իր որդեգրած անզիջում դիրքորոշման, իրեն վերագրուած մեղքերը բացարձակապէս ժխտելուն, աթենացիներու անարդարութիւնն ու շեղումները հրապարակաւ խստօրէն քննադատելուն արդիւնքով։ Ան մերժած է ընդունիլ եւ գործադրել իր ընկերներու եւ բարեկամներու կողմէ նախապատրաստուած փախուստի ծրագիրը, եւ մահապատիժի համաձայն ցմրուր ըմպած բաժակ մը մահացու թոյնը։
Ըստ թերահաստատ վկայութիւններու, հետագային աթենացիք մեծամասնութեամբ մեղադրած են ու ամենեւին անընդունելի գտած՝ Սոկրատի նկատմամբ ընդունուած ու կիրառուած անարդար, անմարդկային որոշումը, եւ ուրեմն՝ պատժած՝ զինք դատապարտողներն ու մարդկութիւնը խարանող այդ ոճրային վճիռը գործադրողները։
Իր ժամանակի օրինակելի ուսուցիչ ու խոհական ասպետ հանդիսացող Սոկրատ, իրենց բարձր դիրքով, հարստութեամբ եւ իշխանութեամբ զրահաւորներուն մարտահրաւէր կը կարդար սոսկ անզէն եւ անպաշտպան մտածումով, բանականութեամբ։ Անոր գաղափարները, տեսութիւնները, աշխարհահայեացքները, կեանքը եւ մահը դարձած են մարդկային մշակոյթի պատմութեան համար հարուստ ատաղձ հայթայթող կարեւորագոյն նիւթեր, իրադարձութիւններ, շարժառիթներ… իմաստասիրական բնագաւառին ընծայելով յաւերժական թեմա, խոկումի եւ քննարկումի մշտանորոգ, անսպառ աղբիւր։
Իր հակառակորդներուն կողմէ Սոկրատ կը մեղադրուէր ու կը համարուէր չարագործ եւ տարօրինակ բնաւորութեան տէր անձնաւորութիւն մը, որ անհարկիօրէն հարցերու եւ իրադրութեանց թաքուն ծալքերը կը գրգռէ, զանոնք կը նենգափոխէ, ճշմարտութիւնները կը խեղաթիւրէ… անիրաւը ներկայացնելով իբրեւ իրաւացի եւ ապօրինին՝ որպէս օրինաւոր, նոյն սկզբունքներով դաստիարակելու համար նաեւ հասարակութիւնը։
Կարգ մը իմաստասէրներու համաձայն, մեծանուն ուսուցիչը մեղաւոր նկատուեցաւ, որովհետեւ յանդգնեցաւ տրամաբանութիւնն ու իմաստասիրութիւնը երկինքէն վար բերելու, երկրաւոր մահկանացուներու սեփականութիւնը դարձնելու։
Իրօք՝ Սոկրատ մահուան դատապարտուեցաւ, որովհետեւ համարձակեցաւ հարցադրումներու ճամբով հանրութեան օրախնդիրները համընդհանուր մտահոգութեան առարկայ դարձնել, այլ բացատրութեամբ՝ մտածումը, բանականութիւնը ժողովրդականացնել եւ առնչել մարդոց առօրեային։
Իր փիլիսոփայութեամբ Սոկրատ իտէալապաշտ մըն էր, ինչպէս յոյն իմաստասէրներու մեծամասնութիւնը։ Ան Աստուծոյ գոյութիւնը չէր ուրանար, ծառաներն ու գերիները իրենց տէրերուն դէմ չէր հաներ, ճնշուածներուն մօտ ընդվզում եւ ըմբոստութիւն չէր հրահրեր։ Այլ՝ ինչպէս կը վկայէ իմաստասիրութեան պատմութիւնը, պարզապէս կեանքի տարբեր երեւոյթներուն առնչուած որոշակի հարցադրումներ կը կատարէր։
Համակողմանի սերտողութենէ ետք ներկայացուած խելացի հարցումը կը վերածուի վիթխարի եւ անհակակշռելի հզօրութեան, երբ պատասխանը վերապահուած կ’ըլլայ ժողովուրդին։ Բնականաբար՝ իշխանութեան, փառքի եւ հարստութեան տէր մարդիկ պիտի չընդունէին եւ պիտի չհանդուրժէին, որ Սոկրատ շարունակէր ճշմարտախոյզ իր հարցապնդումները, հետեւաբար՝ որոշեցին եղերականօրէն վերջ տալ անոր կեանքին։ Քանի՝ այդօրինակ տնօրինումն ու վերաբերումը շատ աւելի հնարաւոր ու հեշտ էր անոնց համար, քան մատնանշուած թերութեանց, չարիքներու եւ անարդարութեանց բուժումը։
«Սոկրատ» երեւոյթը ցարդ կը շարունակուի ու կը կրկնուի ամէն տեղ, ամէն օր։ Թերեւս դահիճներու եւ զոհերու անունները փոխուած են այսօր, սակայն անոնք, որոնց սեփական շահերը կը պահանջեն միտքն ու արուեստը պատանդ պահել երկնքի մէջ, հեռու ընթացիկ եւ իրական կեանքէ, յամառօրէն կառչած կը մնան հասարակական մտահոգութիւններուն եւ ակնկալիքներուն թարգման ու ջահակիր հանդիսացող անձնաւորութիւններ «չարագործ եւ տարօրինակ բնաւորութեան տէր…» որակելու իրենց կործանարար ընթացքը։
Խաչիկ Շահինեան