Արդեօք Կոմիտասը Ճափոնէն լուր ունէ՞ր։
Կոմիտաս հայկական երաժշտութենէն անդին ուսումնասիրած է նաեւ այլ ազգերու երաժշտութիւնը, նոյնիսկ թրքականն ու քրտականը։ Այս վերջինները ոչ մէկ անգամ կը յիշեն Կոմիտասը իբրեւ հայ հանճար, սակայն ճափոնցիները կը յիշեն։
Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունի Կոմիտասի անուան երաժշտական հիմնարկ մը, ուր ճափոնցի երաժիշտներ կը հաւաքուին ու կը կատարեն Կոմիտասի գործերը։ Անոնք կը փորձեն մասնագիտական խոր վերլուծութեան ենթարկել նախ Կոմիտասի տաղանդը, ապա՝ անոր գործերուն գեղարուեստական արժէքը։
Հայաստանի մէջ ալ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտական համալսարան գոյութիւն ունի, բայց այդ ճամբով ալ Կոմիտասի գործերը անհրաժեշտ տարածումի չեն արժանանար, որովհետեւ համալսարանը կը տառապի ուսանողներու թիւի նուազումէն եւ դասախօսներու անբաւարար վարձատրութենէն։ Չմեղադրենք այն դասախօսը, որ օտար յարկերու տակ կը գտնէ իր արդար վարձատրութիւնը։
Հայաստան, Ճափոն թէ այլուր Կոմիտասն է որ կը մեծարուի, ինչ որ դրական երեւոյթ է։ Սակայն հարցը հոն չէ։ Հարցը հետեւեալն է. ինչո՞ւ համար ճափոնցի մը պիտի կարենայ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները երգել, նուագել, լսել ու անոնցմով հետաքրքրուիլ, մինչդեռ մենք՝ Կոմիտասի «հարազատ ժառանգորդներ»ս, կը հակինք գռեհիկ ճղճղոցներով լեցուն «երաժշտութեան»։
Ո՞վ պէտք է ամչնայ…
Եւ ինչո՞ւ պէտք է ամչնայ, երբ ամբողջ սերունդ մը հաշիշամոլի պէս կը սրսկուի «հայկական երաժշտութիւն» կարծուած աղբով, որ ըստ ոմանց ազգի պատմական մշակոյթը կը ներկայացնէ։ Չէ՞ որ մենք մշակոյթի ժողովուրդ ենք եւ ամբողջ աշխարհը մեզ օրինակ կը բերէ։
Աշխարհի մշակութասէր ազգերը հետաքրքրուած են Կոմիտասով, իսկ մենք անոր երգերը փոխարինած ենք թրքաբարոյ պոռչտուքով։
 Առ ի յիշեցում՝ Կոմիտաս եւ իր յաջորդները գիւղէ-գիւղ, քաղաքէ-քաղաք թափարելով փրկեցին հայկական մաքրամաքուր երաժշտութիւնը, իսկ ներկայիս «սիրուած երգիչ»ները, նոյնպէս գիւղէ-գիւղ, քաղաքէ-քաղաք պտտելով կ’աղաւաղեն մեր երաժշտութիւնը՝ կթան կովերու ճաշակին յագուրդ տալով։ Հետեւաբար, կաթէն օգտուողներուն համար բառաչը անուշ կը թուի, «արուեստ» ալ կրնայ համարուիլ…։
Վերջերս, Ճափոնի Կոմիտասի հիմնարկին դիմատետրի էջին վրայ զետեղուած էր 2015-ին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ իրենց տրուած գնահատագիրին պատկերը։ Ի՞նչ Նախարարութիւն, որմէ լուր չունինք։ Թաւշեայ Հայաստանին մէջ ո՛չ Սփիւռքը, ոչ ալ մշակոյթը նախարարութեան արժանի են։ Սփիւռքը՝ դուխով, մշակոյթը՝ մուխով, մնացածն ալ՝ սոխով կը տուայտին։ Միայն թէ մեր կովուկը շատ սոխ չուտէ, յետոյ կաթը կը հոտի։
Ո՞վ պէտք է ամչնայ, մշակութասէր կո՞վը, թէ մշակոյթի պահապան կովարածը։
Յովհաննէս Օհանեան