«Արցախփրէս».- Համահայկական խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան յայտարարեց, որ համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն մասնակցողներուն համար Արցախի մէջ ապահովուած են պանդոկներու մէջ սենեակներ: Կոմիտէն կ՛իրականացնէ 2000-2500 անձերու տեղաւորման հարցին լուծումը:
«Հիւրերու տեղաւորման հարցի լուծման համար հանրակրթական քանի մը դպրոցներու տարածքներ (ուր կան կենցաղային յարմարութիւններ) ալ կ՛օգտագործուին: Հիւրերուն մէկ մասը կը տեղաւորուի նաեւ Արցախի կարք մը համայնքներուն մէջ: Այժմ դժուարութիւններ կան խաղերու ստեղծագործական խումբի եւ բացման արարողութեան մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ կամաւորներու տեղաւորման գծով: Վստահ եմ, որ այդ հարցին լուծման համար ալ տարբերակներ կը գտնուին: Կ՛օգտագործենք նաեւ հանրակացարանային շէնքեր, ճամբարային տարածքներ, կ՛ունենանք հիւրընկալ տուներ եւ այլն: Խաղերուն մասնակից շուրջ 5000 անձերու կեցութիւնը ապահովուած պիտի ըլլայ», աւելցուց Զաքարեան:
Խօսելով սպասարկման ոլորտին մասին՝ Զաքարեան ըսաւ, որ պէտք է այդ ուղղութեամբ ահագին աշխատանք տանիլ:
«Խաղերու հիմնական մասը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ, իսկ մասն մըն ալ Մարտունիի եւ Մարտակերտի: Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը պիտի բաղկանան 17 մարզաձեւերէ, որոնցմէ միայն 6-ը Արցախի մէջ է», յայտնեց Զաքարեան:
Աւելցնենք, որ Երեքշաբթի, 16 Յուլիսին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան անձամբ ծանօթացաւ Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու նախապատրաստական աշխատանքներուն: