«Արցախփրէս».-Փաստաբաններու Միջազգային Միութիւնը յայտարարած է, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգի նկատմամբ վստահութիւնը կը վտանգուի հազարաւոր դատաւորներու եւ դատախազներու պարբերաբար ազատ արձակուելով կամ բանտարկութեամբ:

2016-ին պետական յեղաշրջման անյաջող փորձէն ետք, Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի կառավարութեան կողմէ սկիզբ առած պաշտօնատար անձերու զտումին հետեւանքով կասկածեալներ առանց ստոյգ ապացոյցներու ահաբեկչութեան յանցանքով դատապարտուած են:

ՄԱԿ-ը մարդու իրաւունքներու խորհուրդին ուղղուած 25 էջանի փաստաթուղթով անյապաղ գործողութիւններու ձեռնարկելու կոչ կ’ուղղէ` Թուրքիոյ մէջ իրաւաբանական մասնագիտութեան ներկայացուցիչներու պարբերական եւ համատարած հետապնդումները կասեցնելու առաջադրանքով:

Յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, որ նախապէս ալ մտավախութիւններ  եղած են մարդու իրաւունքներու խախտման առնչութեամբ մինչեւ յեղաշրջման փորձը, սակայն այդ օրուընէ ի վեր դատական իշխանութեան անկախութիւնը խախտուած է կամայական կալանաւորումներով, ձերբակալութիւններով եւ փաստաբաներու հետապնդումներով:

Ընդհանուր առմամբ աշխատանքէ դադրած են 4260 դատաւոր եւ դատախազ:

Անոնցմէ 634-ը դատապարտուած է ահաբեկչական մեղադրանքներով:  1546 փաստաբաններ քրէական պատասխանատուութեան  ենթարկուած են, 311-ը  դատապարտուած է երկար տարիներու բանտարկութեան:

Անգլիոյ եւ Ուելսի Իրաւաբանական Ընկերութեան նախագահ Սայմոն Տեւիսն ըսած է, որ 2016-ին չյաջողած պետական յեղաշրջումէն  յետոյ դատաւորներու եւ դատախազներու անկախութիւնը Թուրքիոյ մէջ պարբերաբար կը խափանուի: «Գործող իրաւաբանները կը տեղեկացնեն ահաբեկումներու եւ սպառնալիքներու մասին: Այս սպառնալի իրավիճակը կը խափանէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւաբանական ներկայացուցչութիւն եւ արդար դատավարութիւն ունենալու իրաւունքը: Այս կացութեան լոյսին տակ ալ 2017-ին Թուրքիոյ քաղաքացիները աւելի քան 57 հազար խնդրագիր ներկայացուցած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան»:

Մօտաւորապէս 500 վարչական աշխատակիցներ, որոնք կ’աշխատին Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանի, Պետական Խորհուրդի, Հաշուեքննիչ պալատի եւ Դատաւորներու ու Դատախազներու Խորհուրդին մէջ, նոյնպէս դադրած են, եւ միայն ութը հոգի  վերսկսած է իր ստանձնած պաշտօնը: