Չորեքշաբթի, 23 Յուլիս 2019-ին Ռատիօ Երազի անձնակազմը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ թեմիս նորընտիր առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին, Առաջնորդարանէն ներս։ Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց Ռատիօ Երազին աշխատանքը, յատկապէս Հալէպի տագնապալից տարիներուն, վստահեցնելով, որ ինք եւս Հալէպի գաղութային կեանքին կը հետեւէր Ռատիօ Երազին միջոցաւ, ինչ որ իր մէջ վառ պահած է հալէպահայութեան հաստատակամութեան հանդէպ հաւատքը։

Իր կողմէն Ռատիօ Երազի տնօրէն տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան բացատրութիւններ տուաւ սրբազան հօր ռատիոկայանի աշխատելաոճին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ իրականացուցած նուաճումներուն շուրջ։ Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, ապագայ սերտ գործակցութեան խոստումով։