Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ին, կէսօրուան ժամը 1:30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդի անդամները, որոնք ջերմապէս շնորհաւորեցին նորընտիր Թեմակալ Առաջնորդը, մաղթելով արեւշատութիւն եւ բարեյաջող երթ: Ծանօթացման բարեպատեհ առիթ հանդիսացաւ մտերմիկ հանդիպումը: Ներկաները իրենց տարած ազգօգուտ աշխատանքին մասին տեղեկանք ներկայացուցին, լուսարձակի տակ առնելով ընկերային ծառայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, միաժամանակ օժանդակութիւնները, որոնք կարիքաւորներուն բեռը թեթեւցնող միջոցներ են:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յուսադրիչ խօսքերով խրախուսեց եւ գնահատեց Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդի ներկայացուցիչները, մաղթելով անսպառ եռանդ, աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր գործունէութիւն: Սրբազան հայրը ըսաւ, որ խորհուրդին տեղն ու դերը նշանակալից ազդեցութիւն ունեցած են Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս, մասնաւորաբար հալէպահայութեան համար: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ մարդասիրական արարքները խօսուն հաւատքի վկայութիւններ են, իրականութիւն մը, որ կը համապատասխանէ Աւետարանի ճշմարտաշունչ ուսուցումներուն:
Աւարտին, ներկաները ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնանքը: