27 Յուլիս էր կրկին, Սուրիահայ Երիտասարդական Միութեան անդամները Լիզպոնի հերոսներուն յիշատակը ոգեկոչելու, անոնց համեստութեամբ, արիութեամբ ու պահանջատիրական մեր պայքարին նկատմամբ տածած ապառաժեայ հաւատքով սնանելու համար ուղղուեցան Ազգ. գերեզմանատուն, ուր որպէս անմահութեան խորհրդանիշ կը բարձրանայ Լիզպոնի հինգին յուշակոթողը։

Այնտեղ, գերեզմանատան մէջ, կեանքի ու պայքարի, հայրենատիրութեան նպատակասլաց երթի անմեռ հաւատքով հինգ հոգիներ կը թեւածեն օր ու գիշեր, լոյս կը սփռեն ու ապրող ներկայութիւն կը դառնան բոլոր ժամանակներու երիտասարդութեան համար։

ՍԵՄ-ականները նախ խունկ ու մոմ վառեցին Լիզպոնի հինգին յիշատակին, ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշակոթողին դիմաց։

Այնուհետեւ Անժելա Չաղլասեան իր ընկերներուն անունով սրտի խօսք արտասանեց, վերանորոգելով ուխտը երիտասարդական միութեան անդամներուն՝ Հայ Դատի հետապնդման ու սերունդներու իրազեկման, պատմութեան իւրացման եւ ապագային նորովի հայեացքով ու հաւատքով, պատմագիտական եւ իրաւական տուեալներու ձեռքբերման գծով։

Գեղարուեստական բաժինով Հրակ Փայասլեան եւ Վեհան Պարսումեան ասմունքեցին «Լիզպոնի Ողջակէզներին» քերթուածը։ Իսկ Յակոբ Յովհաննէսեան ներկայացուց Լիզպոնի աքտին ժամանակագրութիւնը եւ օտար մամուլին արձագանգը։ ՍԵՄ-ականները այնուհետեւ միասնաբար երգեցին Լիզպոնի հինգին նուիրուած երգեր։

Աւարտին, Տէր Զարեհ Քահանայ Շաքարեան իր պատգամը ուղղեց երիտասարդներուն, յորդորելով տէր կանգնիլ մեր ազգային արժէքներուն եւ իրաւունքներուն ու զարգանալով, ժամանակակից գիտական եւ արհեստագիտական նորութիւններով զինուելով, զանոնք ծառայեցնել մեր ազգային շահերուն։

Ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։