Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ին, սկիզբ առաւ 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդականի աւարտական կարգի՝ պաքալորիայի պետական լրացուցիչ վերաքննութիւնը՝ գիտական եւ գրական ճիւղերով: ՍԱՆԱ յայտնեց, որ 693 կեդրոններու մէջ ցարդ 110.000 աշակերտ-աշակերտուհի քննութիւն յանձնած է:

Վերաքննութիւը կը շարունակուի մինչեւ Երեքշաբթի, 6 Օգոստոս 2019, իսկ գիտականը՝ Չորեքշաբթի, 7 Օգոստոս 2019:

Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան քննութիւններու պատասխանատու տնօրէն Իւնէս Ֆաթի ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ վերաքննութեան դիմում արձանագրած է 109.695 աշակերտ-աշակերտուհի: Նախարարութիւնը քննութեան հեզասահ ընթացքը ապահովելու համար համապատասխան միջոցներու ձեռնարկած է: