Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ
31 Յուլիսին Աւստրալիոյ Դաշնային խորհրդարանէն ներս Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ ղեկավար Մասիս Մայիլեան հանդիպումներ ունեցած է խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատի տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Թիմ Ուիլսոնի, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ Ռեքս Պատրիկի հետ:

Մասիս Մայիլեան Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութիւնը ներկայացուցած է: Արտաքին գործոց նախարարը դիտել տուած է, որ Արցախի միջազգային ճանաչումը կը նպաստէ հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդման ու տարածաշրջանային կայունութեան ապահովման:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի միջազգային գործակցութեան եւ անոր աշխարհագրութեան ընդլայնման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն:
Արտաքին գործոց նախարարը նշած է Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որ առանցքային նշանակութիւն ունի երկրի տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ:
Մասիս Մայիլեան կարեւոր համարած է նաեւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մասին իրազեկուածութեան բարձրացումն ու երկու երկիրների միջեւ տարբեր մակարդակներով գործակցութեան հաստատումը:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան:
Արցախի ԱԳՆ ղեկավար Մասիս Մայիլեան հանդիպած է Աւստրալիոյ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էրիկ Աբեթսի հետ
30 Յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Աւստրալիոյ մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Աւստրալիոյ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, Աւստրալիոյ իշխող Ազատական կուսակցութեան անդամ Էրիկ Աբեթսի հետ:
Պատուիրակութեան ղեկավար արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան բարձր գնահատած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ծերակուտական Աբեթսի ջանքերը` կարեւոր համարելով անորհետեւողական դիրքորոշումը մարդկայնութեան դէմ յանցագործութիւններու դատապարտման եւ անոնց կրկնութեան կանխարգիլման համար:
Հանդիպման ընթացքին Մասիս Մայիլեան զրուցակիցին ներկայացուցած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլը եւ Արցախի իշխանութիւններու դիրքորոշումը` տարածաշրջանի վերջնական եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման շուրջ: ԱԳՆ ղեկավար անդրադարձած է նաեւ Արցախի մէջ անկախ եւ ժողովրդավարական պետականութեան կերտման, ինչպէս նաեւ տարբեր մակարդակներով արտաքին յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացներու մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն ու հեռանկարներուն:
Նախարար Մասիս Մայիլեան կարեւոր համարած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան մակարդակով տարբեր երկիրներու հետ հաստատուած յարաբերութիւնները, որոնք կարելիութիւն կ’ընձեռնեն արտերկրի մէջ բարձրացնել իրազեկուածութիւնը Արցախի եւ անոր ժողովրդի օրինական ձգտումներու եւ երկրի մէջ ընթացող ժողովրդավարական գործընթացներու մասին:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, Աւստրալիոյ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեան: