Անցեալ դարու կէսերուն ու կէսէն բաւական ետք ալ, Նոր Գիւղի մէջ բազմայարկ շէնքեր գրեթէ չկային. բոլոր տուները ընդհանրապէս երկյարկանի, բակով տուներ էին, որոնց տանիքները իրարու կպած, հարթակ մը  ստեղծած էին:Անոր վրայէն կարելի էր դիւրութեամբ մէկ տանիքէն միւսը անցնիլ, նոյնիսկ եթէ անոնք ցանկապատուած ըլլային:

Ամրան, երբ գիշերները հեղձուցիչ կը դառնային ու սենեակներուն մէջ քնանալը անկարելի կ’ըլլար, մասնաւորաբար ելեկտրական հովահարներու բացակայութեան, տանիքները կը դառնային ամենացանկալի ննջարանները, ուր իրար կողքի կը շարուէին անկողինները ու քնանալը բացօթեայ, աստղազարդ երկնքի տակ, աննկարագրելի երանութեան աղբիւր կը դառնար:

Ով որ բախտ չէ ունեցած բաց երկինքի տակ քնանալու, չի գիտեր թէ ինչի՛ մասին կը խօսիմ, մասնաւորաբար այս վայրկեանին, երբ տասնամեակներու խորքէն մտապատկերիս վրայ կը վերակենդանանան անոնց հետ կապուած յուշերը:

Ամրան տաքերը սկսելուն պէս տանիք կը փոխադրէինք անկողնային մեր պարագաները՝ կարպետներ ու խսիրներ, ներքնակ ու վերմակ եւ անպայման մժեղարգելներ, որոնք թափանցիկ վրաններու նման կողք-կողքի կը շարուէին, վանելու համար տաք եղանակին, խաղողին ու թուզին հետ յայտնուող արիւնածուծ մժեղները:

Հեռատեսիլ չկար տակաւին, որ մարդիկ «սահրա» ընէին մինչեւ ուշ գիշեր, ատոր համար ալ կանուխ վեր կը բարձրանայինք, մենք փոքրերս, որպէսզի քիչ մը կատղինք այդ բրդեայ փափուկ անկողիններուն վրայ տապլտկելով, մինչեւ որ յոգնէինք ու քունը առնէր մեզ իր գիրկը ու օրօրէր մինչեւ առաւօտ:

Այգաբացին կ’արթննայինք, շատ կանուխ, քանի որ արդէն կշտացած կ’ըլլայինք քունէն, առաւել, որ դիմացի փուռին մետաղեայ ոլորուն վարագոյրը ճռինչով մը կը բացուէր ու հացթուխի աղմուկը ծայր կ՛առնէր: Դեռ մութնուլուսին,  պիտի սկսէին շաղել խմորն ու վառել փուռը, որպէսզի հաց թխէին եւ թարմ ու տաք հացի համար փուռ վազողներուն պահանջքները գոհացնէին:

Թարմ ու տաք հացին բուրմունքը կը ղտղտացնէր մեր ռունգերը, սակայն ցախերով ու մանրուք ածուխով բանող փուռը ծխնելոյզէն կ՛արձակէր այնպիսի մուր, որուն փոշին մեր մժեղարգելներէն ներս թափանցելով, յաճախ  մեր երեսներն ալ կը սեւցնէր:

Քնանալու նախերգանքը, որ կրնար մէկ ժամէն աւելի տեւել, ամենահետաքրքրական պահն էր, ուր դրացիներ տանիքէ–տանիք իրարու հետ կը խօսէին զանազան ու զարմանազան նիւթերու շուրջ: Երբեմն շուրջի տանիքներուն վրայ աչք պտտցնելով, աղջիկ-մաղջիկ ալ կը հաւնէին, կամ հակառակը ասոր անոր հասցէին տեսակաւոր բամբասանքներ կը փոխանակէին ու չէին մոռնար անկողիններուն կողքը շարուած ափսէներու մէջ արեւի ջերմութեամբ եփող  լոլիկի ռուպին, կամ ծիրանի անուշին մասին ալ ակնարկներ ընել ու մասնագիտական տեղեկութիւններ փոխանակել:

Կը յիշեմ տակաւին, մեր տան կողքին աւելի բարձրադիր տանիքէ մը տարեց մարդ մը՝ արիշէն կախուած լամբին օգնութեամբ, ասոր անոր տանիքը կը զննէր ու աչքը միշտ կիներուն վրայ էր: Կիները անոր անունը «բու» դրած էին, եւ օր մըն ալ զզուած անոր ամէնօրեայ լպիրշ նայուածքներէն, քար մը նետելով կոտրեցին անոր լամբը: Այդ եղաւ ու մարդը մէյ մըն ալ չհամարձակեցաւ տանիք ելլել եւ կիները դիտել:

Հիմա, այսքան երկար տարիներու հեռաւորութենէն աննկարագրելի կարօտով կը յիշեմ այդ բոլորը ու կ’ըսեմ՝ ա՜խ, այդ տանիքները լեզու ունենային ու պատմէին:

Յակոբ Միքայէլեան