ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ.
«Յատկապէս այս Սպիտակ տունը առաջին անգամը չէ, որ կը փորձէ Արցախին տրամադրուող օժանդակութիւնը ոչ միայն կրճատել, այլեւ ընդհանրապէս դադարեցնել: Թէեւ նախորդ վարչակազմի օրով ալ այնպէս չէր, որ ուղղակի պիւտճէի մէջ կը գրուէր յատկացման մասին, բայց տեղ մը կ’արձանագրուէր: Այս իշխանութիւններուն համար քանի մը հարց կայ, որոնցմէ գլխաւորը Ատրպէյճանի ազդեցութեան հարցն է»:
Յիշեցնենք, նախապէս Հայ Դատի Յանձնախումբը ահազանգած էր, որ Ամերիկեան վարչակազմը մտադիր է երկու ամսուան ընթացքին դադրեցնել Արցախին տրամադրուող նիւթական օգնութիւնը, որ նախնական հաստատման արժանացած էր 2020 թուականի տնտեսական ծրագիրով:
Կիրօ Մանոյեանի խօսքին համաձայն, առհասարակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող իշխանութիւնը նուազեցուցած է մարդասիրական օժանդակութիւնները: Սպիտակ տունը, ինչպէս յայտնեց Կիրօ Մանոյեան, կը ներկայացնէ պատճառաբանութիւններ, որոնք սակայն, ըստ մեր զրուցակիցին, զուտ պատրուակ են: «Իսկական նպատակը Ատրպէյճանը չանհանգստացնել է, քանի որ ԱՄՆ աշխարհի մէջ միակ պետութիւնն է, որ այսպէս ուղղակիօրէն մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Արցախին»,համոզուած է Կիրօ Մանոյեան:
Աւելցնենք, որ Միացեալ Նահանգները Արցախին մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ 1998 թուականէն ի վեր: Կիրօ Մանոյեան վստահ չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախին տրամադրուող օժանդակութեան դադրեցման հարցը ամերիկեան կողմին ուշադրութեան յանձնած են:
«Վստահ չեմ , որ ՀՀ իշխանութիւնները Արցախի օժանդակութեան հարցին հետ կապուած բան մը կ’ըսեն ԱՄՆ իշխանութիւններուն: Եթէ համեմատենք, օրինակ` Ֆրանսայի առկայ խնդիրին հետ, երբ Ֆրանսայի իշխանութիւնները ատրպէյճանական ճնշումներու ազդեցութեան տակ սկսան դատական գործերով Արցախի քոյր քաղաքներուն հետ կապուած որոշումները չեղարկել, ՀՀ իշխանութիւնը` մեր Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ըսաւ, որ այդ Արցախի հարցն է, Արցախը կը հետապնդէ, մենք ընելիք չունինք: Այս պարագային ալ շատ վստահ չեմ, որ ՀՀ իշխանութիւնները դժգոհութիւն կամ մտահոգութիւն արտայայտած ըլլան», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Յայտնենք, 14-էն 26 Յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ ԱՄՆ մեկնած էր ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Մօտաւորապէս նոյն օրերուն Միացեալ Նահանգներու մէջ էին նաեւ ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան ու արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան:
Երբ հարց տրուեցաւ, թէ պատահակա՞ն է արդեօք, որ Արցախին տրամադրուող օժանդակութեան մասին տեղեկատուութիւն ստացուած է հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ամերիկեան այցուլութիւններէն վերջ, Կիրօ Մանոյեան պատասխանեց. «Արարատ Միրզոյեան ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի ղեկավարութեան նախաձեռնութեան մասնակցելու համար մեկնած էր, նոյն օրերուն փոխվարչապետ Աւինեան հոն էր, նոյնպէս՝ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, բայց ամենակարեւոր հարցը, թէ անոնք այս հարցին մասին խօսա՞ծ են , թէ չեն խօսած: Ատիկա յստակ չէ: Այնպէս չէ, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը վատանան, այս ամէնը կը վկայէ, որ ԱՄՆ իշխանութիւնները Արցախի հարցով Ատրպէյճանին բաւարարելու համար կեցուածք որդեգրած են: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը նոյն ձեւով կ’առաջնորդուի, ինչպէս Ֆրանսայի հարցին նկատմամբ, կը նշանակէ, որ ոչ թէ չեն կրցած որեւէ բան ընել, այլ պարզապէս քայլեր չեն առած, չեն զբաղած այդ հարցով, որ սխալ է»:
Կիրօ Մանոյեանի խօսքին համաձայն, Հայաստան-Արցախ ռազմավարական գործակցութեան պայմանագիրը, որուն կնքման անհրաժեշտութեան կը շեշտէ Դաշնակցութիւնը, նման իրավիճակներու համար էական նշանակութիւն կրնայ ունենալ: Այդ փաստաթուղթին մէջ, ըստ Մանոյեանի, յստակօրէն կը դրուի հարցը, որ Հայաստանի թէ՛ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը, թէ՛ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնն ու պետական այլ կառոյցներ պէտք է Արցախին օժանդակեն միջազգային յարաբերութիւնները պատշաճօրէն իրականացնելու համար: ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը, անոր խօսքով, այս ուղղութեամբ քայլեր ,անշուշտ, կ’իրագործեն, բայց ՀՀ-ն իր բոլոր կարելիութիւններով պէտք է աջակցի այդ քայլերուն:
Երբ հարց տրուեցաւ թէ այսօր Հայաստան իր արտաքին քաղաքականութիւնը կը կառուցէ, այսպէս կոչուած, «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» բրենդի (որակ«Գ.»)վրայ, արդեօք սա արդիւնաւէտ կրնա՞յ ըլլալ նոյն ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու մէջ, Կիրօ Մանոյեան պատասխանեց.«Այդ որակը մեր իշխանութիւնները կ’օգտագործեն, բայց, ըստ էութեան, արտաքին քաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չեն մտցուցած, նոյն Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման աջակցելու համար այս իշխանութիւնները կը շարունակեն նախորդ իշխանութիւններու կեցուածքը: Մենք երկուութեան մէջ եղած ենք շրջան մը, բայց չենք կրցած մեր գործընկերները համոզել, որ անհրաժեշտ է, որ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան մաս կազմէ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աջակցիլը: Այս իշխանութիւնները նոյնը կ’ընեն: Մեծ փոփոխութիւններ ընդհանրապէս չեն բերած, հակառակը, եթէ բան մը կը կատարուի, աւելի շատ քաղաքականութեան անյաջող կիրառումն է, քան քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելը, որովհետեւ այսօր նաեւ տարբեր հարցեց ունինք»:
Կիրօ Մանոյեան չբացառեց նաեւ, որ ԱՄՆ գործադիր իշխանութեան կեցուածքը Արցախին տրամադրուող օժանդակութեան համար կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ ՀՀ իշխանութիւնները Արցախի հարցով, այսպէս կոչուած, լռեցնելու ԱՄՆ-ի փորձով: «Երբ օրինակ կը պատրաստուին ՀՀ-ին տրամադրուող օժանդակութիւնը բարձրացնել, որ, հաւանաբար, պէտք է տրամադրուի դատական համակարգի փոփոխութիւններուն, կրնայ պատճառներէն մէկը ըլլալ, որ Արցախին տրամադրուող կէս միլիոնը իրենք կը փորձեն յատկացուող գումարներէն հանել»,ըսաւ Կիրօ Մանոյեան: