Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ
Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը Աւստրալիոյ հայ համայնքի հետ հանդիպումի ընթացքին ելոյթով հանդէս եկած է: 3 Օգոստոսին Աւստրալիա կատարած աշխատանքային այցելութեան վերջին օրը արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը ժամանած է Մելպուրն: Պատուիրակութեան անդամները այցելած են Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցի, հանդիպած են եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խաչեր քահանայ Յարութիւնեանի եւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամներուն հետ: Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելած է Մելպուրնի հայկական Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ագինեան դպրոցները:
Նոյն օրը Հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած է Արցախցի պաշտօնեաներու հանդիպում Մելպուրնի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Նախաձեռնութեան ընթացքին ցուցադրուած է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հեղինակած` «Արցախ․ Պատմութիւն եւ Հակամարտութիւն» խորագիրը կրող տեսաֆիլմը:
Հանդիպումին իրենց ելոյթներուն մէջ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Ազգայի Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձած են Արցախի արտաքին, անվտանգային, ներդրումային եւ ներքին քաղաքականութեան առնչուող հարցերուն:
Բանախօսները շնորհակալութիւն յայտնած են Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբին եւ բոլոր աջակիցներուն` արդիւնաւէտ եւ յաջող այցելութեան կազմակերպման համար: