«Արմէնփրէս».- Իրաքի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարները 4 Օգոստոսին Պաղտատի մէջ եռակողմ հանդիպում կը կատարեն:

Հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է. «Եռակողմ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Իրաքի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով»:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը կը քննարկեն արաբական երկիրներու գործակցութեան ամրապնդման եւ ընդլայնման վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ տնտեսական պատկերը` Իրաքի իրավիճակի հաստատ պահելու նպատակով: Արտաքին գործոց նախարարները մտադիր են քննարկել նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած են առաւել կարեւորագոյն հարցերու շուրջ, յատկապէս տարածաշրջանային զարգացման մասին: