31 Յուլիսէն 3 Օգոստոսին Պուլկարիոյ Ալպենա շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Ընկերվար Կուսակցութիւններու Երիտասարդական միութիւններու ամառնային բանակումը, որուն ՀՅԴ ԵՄ-էն մասնակցեցան Ցոլեր Աղճեան (Լիբանան) եւ Գարիկ Պետրոսեան (Պելճիքա):

Բանակումի հարուստ օրակարգը կ’ընդգրկէր ընկերվարութեան մասին զեկոյցներ, խաղեր ու վարժողական դասընթացքներ: Բանակումին տեղի ունեցաւ նաեւ Երիտասարդաց Միութեան հերթական նիստը եւ Ընկերվար Միջազգայնականի Երիտասարդ Միութեան տարածաշրջանային կոմիտէի տարեկան ժողովը:
Բանակումին կը մասնակցէր աւելի քան 600 երիտասարդ` եւրոպայի 30 երկիրներէն, որոնք քառօրեայ բանակումի ընթացքին կրցան ծանօթանալ եւրոպական ընկերվար երիտասարդութեան յուզող ընկերային եւ քաղաքական զանազան նիւթերու, որոնց թեմաներն էին Եւրոպական Խորհրդարանի ընտրութիւնները, ընկերվար ժողովրդավարութեան ներկայ վիճակը եւ ապագան, երիտասարդութեան քաղաքական գործունէութիւնը եւ հետաքրքրութիւնները, կենսոլորտի փոփոխութիւնը եւ անոր հետեւանքները, Եւրոպան եւ իր հարեւան Միջին Արեւելքը, աշակերտներու եւ ուսանողական միութիւններու պահանջներն ու մարտահրաւէրները, կանանց իրաւունքները եւ պայքարը անոնց հանդէպ կիրառուող բռնութիւններուն դէմ:
ՀՅԴ երիտասարդները բանակումը աւարտեցին նոր գիտելիքներով եւ Եւրոպայի բոլոր ընկերվար երիտասարդական կազմակերպութիւններու հետ իրենց կապերը վերահաստատելով: