Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 6 Օգոստոսին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը: Հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուեցան Արցախի արտաքին քաղաքական հարցերու լուծման համար Արցախի ԱԳՆ եւ ՀՅԴ կառոյցներու միջեւ համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցերու շուրջ: Այս առումով արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան Աւստրալիա կատարած վերջին այցելութեան արդիւնքը եւ բարձրօրէն գնահատած է Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբի ներդրումը այդ այցելութեան կազմակերպման մէջ:

Կարծիքներ փոխանակուած են նաեւ Արցախի մէջ ընթացիկ գործընթացներու մասին` արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վրայ անոնց ազդեցութեան մասին եւ այլն:

Հանդիպումին ներկայ գտնուած են նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, ԱՀ ԱԺ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան: