«Շամ Թայմզ» կայքը յայտնեց, որ սահմանային «Պապ ալ Հաուա»ի տեղական մարմիններու վիճակագրութեան համաձայն, Յուլիս ամսուան ընթացքին, Թուրքիա աւելի քան 6000 սուրիացի գաղթական բռնի կերպով տեղափոխած է Սուրիոյ հիւսիսային բաժին, որ ենթակայ է զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հսկողութեան:

Նախօրօք «Human Rights Watch» կազմակերպութիւնը մեկնաբանելով թրքական իշխանութեան կողմէն սուրիացի գաղթականներուն բռնի կերպով Իտլիպ տեղափոխման քարոզարշաւը, մեղադրած է Թուրքիան յայտնելով, որ ան սուրիացի գաղթականներուն կը ստիպէ փաստաթուղթեր ստորագրել, այն տպաւորութիւնը տալու համար թէ անոնք յօժար կամքով Իտլիպ կ’ուղղուին: