«Արմէնփրէս».-Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 7 Օգոստոսին ընդունած է Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը:
Մասիս Մայիլեան ողջունած է Զարեհ Սինանեանը Արցախ կատարած իր պաշտօնական առաջին այցելութեան համար եւ կարեւոր համարած է յարաբերութիւններու աշխուժացումը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գործակցութեան հետագայ ամրապնդման նպատակով: Քննարկուած են գերատեսչութիւններու միջեւ հիմարկներու մակարդակով գործակցութեան հաստատման հեռանկարները` այս ոլորտէն ներս միատեղ ջանքերու հետեւողականութիւնը ապահովելու համար:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են համահայկական շահերու խթանումը, ինչպէս նաեւ հայկական երկու պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար Սփիւռքի ներգրաւուածութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր: Մայիլեան յայտնած է հայապահպանումի նպաստելու Արցախի պատրաստակամութիւնը։