Արամօ գիւղին հիւսիսային կողմը, բարձունքի մը վրայ կանգնած է Ս. Գէորգ վիմափոր մատուռը։

Այս մատուռը եղած է հայերու, ինչպէս նաեւ օտարազգիներու ուխտավայր։

Շաբաթ, 17 Օգոստոսին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ս. Գէորգ մատուռ եւ աղօթեցին երկրի խաղաղութեան ու ժողովուրդին ապահովութեան համար։

Սրբազան հայրը խօսք առնելով շեշտեց շրջանի հայկական ուխտավայրերու եւ մշակութային կեդրոններու պահպանման կարեւորութիւնը, թելադրելով մշտապէս այցելել այս ուխտավայրերը։