«Էրմէնիհապեր».-ԱՄՆ պաշտօնապէս չեղեալ համարած է ամերիկեան Patriot ՀՕՊ համակարգերը Թուրքիոյ վաճառելու առաջարկը: Նոյեմբեր 2018-ին ԱՄՆ-ի պետ քարտուղարութիւնը վաւերացուցած էր այդ համակարգերը 3,5 մլրդ տոլարով Թուրքիոյ վաճառելու որոշումը:

Առաջարկը չեղեալ համարելու ԱՄՆ-ի ղեկավարութեան որոշման պատճառը Թուրքիոյ կողմէն ռուսական S-400 զենիթահրթիռային ՀՕՊ համակարգեր գնելն է:
Այս նիւթին շուրջ ամերիկեան CNN-ի հետ զրուցած է ԱՄՆ-ի պետ քարտուղարութեան պաշտօնեաներէն մէկը, որուն անունը չէ հրապարակուած:
«Մենք Թուրքիոյ անընդհատ կ’ըսէինք, որ եթէ ռուսական S-400-ները մատակարարուին, ապա Patriot-ներու մասին մեր վերջին առաջարկը չեղեալ պիտի համարենք: Եւ ահա Patriot-ներու առնչութեամբ մեր վերջին առաջարկի գործողութեան ժամկէտը լրացած է», նկատել տուած է ամերիկացի պաշտօնեան:

Յիշեցնենք, որ հակառակ ԱՄն-ի բազմաթիւ կոչերուն` Թուրքիա չհրաժարեցաւ ռուսական ՀՕՊ համակարգերը ձեռք բերելու մտադրութենէն: Ռուսիս արդէն աւարտած է S-400-ներու առաջին խմբաքանակի մատակարարումը: ԱՄն-ն ալ իր կարգին արդէն սկսած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառել ` կասեցնելով պաշտօնապէս Անգարայի մասնակցութիւնը ամերիկեան նոր սերունդի F-35 կործանիչներու ծրագիրին: