Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը հաղորդեն, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Օգոստոսին այցելած է Ստեփանակերտի ջրամատակարարման  շարք մը կեդրոններ եւ ծանօթացած է մայրաքաղաքի բնականոն ջրամատակարարման վերականգնումի աշխատանքներուն:

Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է քաղաքին մէջ յառաջացած ջրամատակարարման հարցը կարելիութիւններու համաձայն, կարճ ժամկէտով լուծելու անհրաժեշտութիւնը` որոշակի յանձնարարականներ տալով շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն:

Նախագահին կ’ընկերակցէին պետնախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք: