«Էրմէնիհապեր».-Հայաստանի մէջ տարբեր պաշտօնատար անձերու շուրթերով Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ու «մօտեցումները շտկելու» մասին յայտարարութիւններու լոյսին տակ Թուրքիան ցաւակցական ուղերձ յղած է Ատրպէյճանին «1918 թ.-ին հայերու կողմէն ցեղասպանութեան ենթարկուելուն» առիթով:

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Twitter-ի պաշտօնական էջին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Կ’ոգեկոչենք 103 տարի առաջ Պաքուի, Շամախի, Ղուպայի, Մուղանի եւ Լենքորանի մէջ հայկական աւազակախումբերու կողմէն ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ատրպէյճանցի թուրք եղբայրներուն յիշատակը, կը բաժնեկցինք մեր ատրպէյճանցի թուրք եղբայրներուն ցաւը»: