Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժեր եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ յարձակում գործեցին Հասիչէի հիւսիսային արուարձանի Ապու Ռասին եւ Տրպեսիէ գիւղերուն շրջակայ հատուածներուն վրայ, որուն հետեւանքով նիւթական ահաւոր վնասներ արձանագրուեցան եւ բազմաթիւ ընտանիքներ տեղահանուեցան։ Աղբիւրը աւելցուց, որ թրքական ուժեր բազմաթիւ հրթիռներ արձակեցին նաեւ «Պին Քնէս», «Ալիա», «Քարպշաք» եւ «Ճաթլի» գիւղերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով երկու բնակարան հրկիզուեցաւ եւ բնակիչներուն սարսափահար դուրս ելան իրենց կեցութեան վայրերէն։