Երեքշաբթի, 8 Փետրուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հասիչէի «Եփրատ» համալսարանի տնօրէն Թահա Խալիֆա հաստատեց, որ ԱՄՆ-ի եւ ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումներու ոտնձգութիւնները համալսարանականներու ուսումնական ապագային կը սպառնան։ Համալսարանի յարկէն ներս տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Խալիֆա յայտնեց, որ ԱՄն-ի ուժերուն իրարայաջորդ յարձակումներուն հետեւանքով «Եփրատ» Համալսարանի կարգ մը բաժինները հիմնովին քանդուեցան, ներառեալ համալսարանի տնօրէնութեան բաժինը, համալսարանի Տնտեսութեան ճիւղի եւ Երկրաչափական Գիտարուեստական Հիմնարկի շէնքերը։ Խալիֆա հաստատեց, որ վնասներու արժողութիւնը կը հասնի տասնեակ միլիառ ս.ո.-ի։ Նախօրօք, ՔԱՍԱՏ-ի զինեալ խմբաւորումները Քալլասէ շրջանին մէջ գտնուող Գիւղատնտեսութեան համալսարանի շէնքը պաշարեցին, ինչպէս նաեւ դասաւանդող քատրերուն եւ աշակերտներուն մուտքը արգիլեցին։