Չորեքշաբթի, 9 Փետրուար 2022-ին, զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ի հաղորդեց, որ գիշերուան ժամը 12:56-ին, Իսրայէլ օդային հրթիռներ արձակեց Պէյրութի հարաւարեւելեան շրջանէն, իսկ ժամը 1:10-ին Կոլանէն Դամասկոսի ուղղութեամբ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։