«Կոմիտասի Գիւտերը հայկական երգեցողութեան մէջ»
Դու՝ խազերի մեր քերական,
Դու՝ հոգեւոր մեր շարական.
Պ.Սեւակ
Կո­մի­տա­սի հան­ճա­րը կ’ար­տա­ցո­լայ իր գիւ­տե­րուն մէջ եւ հայ­կա­կան եր­գե­րը դաշ­նա­ւո­րե­լու իր ոճին մէջ:
Որո՞նք են իր գիւ­տե­րը:
Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տին առա­ջին գիւ­տը, որ  իր­մէ առաջ ոչ մէ­կը յայտ­նա­գոր­ծած էր, վե­րագտ­նելն էր հին հայ­կա­կան խա­զե­րուն իմաստ­նե­րը, որոնք մոռց­ուած էին:
Իր խօս­քե­րուն մէջ ան կ’ըսէ.«Ես ար­դէն  գտած եմ հայ­կա­կան խա­զե­րուն իմաստ­նե­րը, բայց միայն 113 հա­տի­նը»: Այս կը նշա­նա­կէ, որ տա­կա­ւին կան բա­ւա­կան խա­զեր եւ նշան­ներ, որոնք իմաստ­ներ ու­նին, սա­կայն ծա­նօթ չեն մե­զի: Խա­զե­րու մա­սին ամե­նա­ճիշդ աղ­բիւ­րը 21-րդ դա­րու Կո­մի­տա­սա­գէտ Ար­թիւր Շահ­նա­զար­եանն է: Ան շատ մը գիր­քեր հրա­տա­րա­կած է խա­զե­րու մա­սին:
Կո­մի­տա­սի երկ­րորդ գիւ­տը քա­րա­լա­րի դրու­թիւն է՝ «tetrachord»:
Կո­մի­տաս կ’ըսէ.«Հայ երաժշ­տու­թիւնը չի նմա­նիր եւ­րո­պա­կան երաժշ­տու­թեան»:
Եւ­րո­պա­կան երաժշ­տու­թիւնը ու­նի Major / minor ձայ­նա­շա­րե­րը, ու­նի Diatonique/ Harmonique / Cromatique… այս տե­սակ ձայ­նա­շա­րե­րու հետ հայ­կա­կա­նը բա­ցար­ձա­կա­պէս կապ չու­նի: Հայ­կա­կա­նը ու­նի իր իւ­րա­յա­տուկ երաժշ­տա­կան դրոյ­թը, որ կը կոչ­ուի «tetrachord – քա­րա­լար», որ կը նշա­նա­կէ 4 ձայնանիշ (նոթ):
Օրի­նակ:
Հայ­կա­կան երաժշ­տու­թիւնը այ­լոց­մէ տար­բե­րող այլ յատ­կա­նիշ մըն ալ ու­նի, որ Կո­մի­տա­սի քա­րա­լա­րի հաս­կա­ցութ­եան սկզբ­նաղ­բիւրն է՝ միջ­նա­դար­եան լա­տե­րու1 (ձայ­նա­կար­գե­րու) շար­քը, որուն մէջ իւ­րա­քան­չիւր լատ յա­տուկ կա­ռոյց ու­նի: Ներ­կայ դա­րուս գոր­ծա­ծուող լա­տե­րը կապ չու­նին այդ լա­տե­րուն հետ: Իսկ հայ­կա­կա­նը բնո­րո­շո­ղը երաժշ­տա­կան հաս­կա­ցու­թեամբ՝ որե­ւէ թո­նա­լի­թէի (ձայ­նաս­տի­ճա­նի) 6-րդ աս­տի­ճա­նի կէս ձայ­նով իջ­ուածքն է. հայ­կա­կան այս ձայ­նա­շա­րը միջ­նա­դար­եան «Հի­փոֆ­րիկ­եան» լա­տին հետ կը զու­գա­դի­պի:
Բո­լոր հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան եւ հո­գե­ւոր երաժշ­տու­թիւն­նե­րը այս քա­րա­լա­րին վրայ հիմն­ուած են: «Այն երաժշ­տու­թիւնը, որ այս քա­րա­լա­րին վրայ հիմն­ուած չէ՝ հայ­կա­կան չէ», կը շեշ­տէ Կո­մի­տաս:
Կո­մի­տաս գտած էր այլ գիւտ մը եւս՝ բաղ­դա­տե­լով  զայն եւ­րո­պա­կան երաժշ­տու­թեան հետ: Ինչ­պէս գի­տենք, եւ­րո­պա­կան երաժշ­տու­թեան մէջ կան հիմ­նա­կան չա­փեր, օրի­նակ 2/4 – 3/4 – 4/4: Հայ­կա­կա­նին մէջ այս տե­սակ բան գո­յու­թիւն չու­նի, որով­հե­տեւ հայ­կա­կա­նը ազատ հատ­ուած­նե­րէ կը բաղ­կա­նայ:
Կո­մի­տա­սի եւ ընդ­հան­րա­պէս շատ մը հայ երա­ժիշտ­նե­րու գոր­ծե­րուն մէջ «mesur»-ի հաս­կա­ցու­թիւնը չկայ, այլ ազատ հատ­ուած­ներ են, իսկ ազա­տու­թիւնը կու գայ հայ­կա­կան շեշ­տէն:
Կո­մի­տա­սի միւս գիւ­տը շեշ­տի դրոյթն է: Հայ­կա­կան խա­զագ­րու­թեան մէջ գո­յու­թիւն ու­նին տե­սա­կա­ւոր շեշ­տեր ու անոնց գոր­ծա­ծու­թեան կեր­պե­րը: Կո­մի­տաս վե­րո­յիշ­եալ բո­լոր գիւ­տե­րը օգ­տա­գոր­ծած է իր գոր­ծե­րուն մէջ:
Շեշ­տը ի՞նչ է: Իւ­րա­քան­չիւր բառ իր շեշ­տը ու­նի: Բայց կայ նա­եւ ու­րիշ շեշտ, որ նա­խա­դա­սու­թեան իմաս­տը կ’որո­շէ: Եկէ՛ք պարզ նա­խա­դա­սութ­եամբ մը պար­զենք այս մէ­կը:
Կո­մի­տա­սի գիւ­տե­րուն մա­սին շա­տեր խօ­սած են: Հո­գե­ւոր հայ­րեր կամ երաժշ­տա­գէտ­ներ այս բո­լո­րը ու­սում­նա­սի­րած են:
Այս նր­բու­թիւն­նե­րը ոչին­չէն ծնունդ չեն առած, ոչ ալ մեր լեզ­ուա­բան­նե­րու որո­շած սահ­մա­նա­փակ օրէնք­նե­րուն հետ կապ­ուած են, պար­զա­պէս անոնք հա­յե­րէն միտ­քը եւ անոր հա­մա­պա­տաս­խա­նող կէ­տադ­րու­թիւնը կը ճշ­դեն՝ առանց կա­նո­նի մը են­թարկ­ուե­լու: Հայ ժո­ղո­վուր­դը միշտ եր­գած է, եր­գը իր միտ­քե­րը ար­տա­յայ­տե­լու ու զգա­ցում­նե­րը փո­խան­ցե­լու առար­կան դար­ձու­ցած է: Շեշ­տը ամե­նա­պարզ ու հասկ­նա­լի նշա­նը կը մնայ հա­յուն գոր­ծա­ծած խա­զե­րուն կամ ձայ­նա­նի­շե­րուն մէջ: Այո՛, հա­րիւ­րա­ւոր նշան­ներ կան, որոնք այ­սօր հա­յե­րէնի ուղ­ղագ­րու­թեան մէջ չեն գոր­ծած­ուիր՝ կամ պար­զա­պէս իրենց իմաս­տը կորսն­ցու­ցած են, կամ ալ մար­դիկ իրենց լե­զուն թե­թեւց­նե­լու նպա­տա­կով զա­նոնք ջն­ջե­լը ամե­նա­դիւ­րին լու­ծու­մը հա­մա­րած են…
Կո­մի­տա­սը խա­զագր­ուած աւե­տա­րա­նա­կան բո­լոր հատ­ուած­նե­րը կր­ցաւ եր­գել ու մեծ մա­սամբ վե­րա­փո­խեց զա­նոնք եւ­րո­պա­կան նո­թա­նե­րու, որ­պէս­զի գո­յա­տե­ւեն ու յա­րա­տե­ւեն սե­րուն­դէ-սե­րունդ:
Մեր նախ­նի­նե­րուն ու­սում­նա­սի­րա­կան այս խո­րաց­ուած գիւ­տե­րէն մեկ­նե­լով պի­տի սկ­սինք նոր մօ­տե­ցում­նե­րով սեր­տել պա­տա­րա­գի զա­նա­զան հատ­ուած­նե­րը եւ եթէ այս բո­լո­րը չ’ըմբռ­նենք դժ­ուար թէ հասկ­նա­լի դառ­նայ այն, որ մենք ի՞նչ բա­նի մա­սին կը խօ­սինք:
Յովիկ Օհանեան