Այս օրերուն, երբ կը յիշատակենք Արամ Մանուկեանի ծննդեան տարեդարձը, աշխարհասփիւռ հալէպահայերը անպայման՝ երկիւղածութեամբ պիտի տօնեն այդ տարեթիւը, որովհետեւ իրենց յիշողութեան մէջ անքակտելիօրէն խարսխուած է այն համալիրին պատկերը, որ որպէս ամրոց եւ հրաշակերտ կոթող կանգնած է հալէպահայութեան սրտին մէջ, եւ որմէ, որպէս առինքնող եւ անքակտելի մասունք, կը հաղորդուէին գաղափարապաշտ, բոլորանուէր սերունդներ, որոնք Արամ Մանուկեանի անմոռաց կերպարը օրինակ  ունենալով մրցակցեցան՝ պսակադրուելու գերագոյն զոհողութեամբ: Այդ կոթողային ամրոցը արգասիքն է հաւատքին նոյն ի՛նքն հալէպահայերու, որոնք անժամանցելի հրամայական կը տեսնէին արդիական կեդրոնի մը առկայութիւնը գաղութային կեանքէն ներս:

Երկա՜ր տարիներ, Թիլելի պատմական ակումբը ծառայեց այս նպատակին,  հոն թրծուեցան ու կոփուեցան գաղթական առաջին սերունդի զաւակները, որոնք վայելեցին Հրաչ Փափազեանի, բժիշկ Ատուր Գապագեանի, խմբապետ Մուշեղի, Յակոբ Օշականի, Անդրանիկ Ծառուկեանի, եւ հսկաներու մեծ փաղանգի մը օրհնաբեր ներկայութիւնը այդ  յարկէն ներս: Այդ համեստ յարկն էր, որ մեղուափեթակի կը վերածուէր ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային խաղերու օրերուն, ուր հազարաւոր մարզիկներ ու սկաուտներ, հիւրընկալուելով իրենց հարազատներու կողմէ՝ կը տողանցէին յանուն յարեալ փիւնիկին, աչքերնին խրոխտ սեւեռած եռագոյն դրօշին: Այսպէս յաղթերթը շարունակուեցաւ եւ իրարայաջորդ սերունդներ յաճախելով Թիլել պողոտայի վէմը, մաշեցուցին ակումբի սեմի սալայատակ կրանիտեայ քարը:

Այսպէս, երկա՜ր եւ համբերատար սպասումներէ վերջ, ծնունդ առաւ հայակերտ նոր ամրոցը: Երազ մը, որ աւագ մեր սերունդներուն մօտ հեշտագին քունի՝ յարալէզներու ցնորային յուշերով միա՛յն կը պատկերացուէր: Այդ երազը բախեցաւ համեստ հայորդիի մը կրանիթիա կամքին, յանձինս հանգուցեալ ընկեր Սարգիս Ղազարեանի, որ այդ «կարծեցեալ պատրանքը» դարձուց իր անմիջական նշանաձողը: Այսպէս, ծնունդ առաւ յաղթերթ մը, որուն հանդէպ կային թերահաւատներ ա՛լ, որոնք իրագործելի ծրագիր չէին տեսներ՝ այդ «սրբազան խենթին» արդար սլացքը, եւ երազկո՜տ հէգ տղայ կը յորջերջէին այդ յանձնառու «սրբազան խենթը»: Պէտք է խոստովանիլ, որ ի հետեւումն դաշնակցական աւանդութեան, այս իմաստով օրին՝ շատ ժուժկալ գտնուեցանք եւ փակագիծեր չբացինք նոր սերունդներուն առջեւ, հաղորդ դարձնելով զիրենք երկունքով ծնունդ առած այդ վէմի պատմութեան մանրամասնութեան: Ընկ. Սարգիսը հանդիսացաւ այդ ծրագիրին հաւատաւոր պաշտպանը, անոր աննկուն եւ անխափան երթը ապահովող առաջին պատասխանտուն եւ ի պատիւ յամառ եւ ղեկավարի անկոտրում կամքին, շրջապատին հաւատք եւ յոյս ներշնչելով ծրագիրին իրատեսութեան՝ ճամբայ հանեց զայն, վստահելով հալէպահայու կենարար բազուկին ու առոյգ ոգիին, որոնք միշտ կը կենսագործէին ու կ՛ենսագործեն այսօր ա՛լ, յօգուտ ազգի ու գաղութի բարւոք ծաղկումին: Յաղթահարելով բազում շինարարական արգելքներ, եւ որպէսզի այդ կառոյցը դարերով վկայէ հալէպահայ գաղութի ստեղծագործ եւ շինարար ոգիին մասին, հողին մէջ խրուեցան տասնեակներով երկաթեայ, աղիւսէ շաղուած ցիցեր, որոնց վրայ բարձրացաւ այդ հրաշակերտ կոթողը: Իրարյաջորդ պատասխանատու մարմիններ, ընկեր Սարգիսի բացած ակօսին ներդրեցին գաղութային բոլոր կարելիութիւնները եւ շարունակեցին անոր պայծառացման բոլոր աշխատանքները, որոնց իրականացման համար ախոյեան հարիւրաւոր հաւատաւոր ընկերներ եւ հոյլ մը համակիրներ, իրենց թէ՛ քսակները առատօրէն լայն բացին, թէ՛ իրենց երկրորդ տունը դարձնելով այդ յարկը, տրամադրեցին իրենց առօրեայ ժամանակի ու քրտինքի մեծ բաժին մը: Իւրայատուկ դեր խաղցաւ Սուրէն Սրբազան Գաթարոյեանը, որ իր առիւծասիրտ յանդուգն սրտի բաբախումներով, հոգեւոր կնքահայրը հանդիսացաւ այդ մեծ Երազի իրականացման: Հողաշերտի ձեռքբերումը ատենօք յայտնուած էր ՀՄԸՄ-ի օրուան պատասխանատուներու կիզակէտին մէջ եւ ի պատիւ կարգ մը համակիրներու բարի կամեցողութեան, շիւղ առ շիւղ խնայողութիւններով ապահովուած էր այդ գետեզերքի «աննշան» կարծուած հողաշերտի սեփականութիւնը: Ի պատիւ վաղեմի այդ սերունդի պայծառատեսութեան, այդ սերմացուն դարձաւ Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տունի փարթամ կոթողը եւ վարար, յորդահոս, հայակերտ ոգեղէն հիւթը: Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տունը՝ արդարացուց անուանատիրոջ վսեմութիւնը, յաւերժացուց անոր բարոյական ժառանգը ու ոգեղէն վեհափառութիւնը:

Տէ՛ր կանգնինք այդ սրբազան աւանդատան:

Ժան Հալլաճեան

 21 Մարտ 2021, Թորոնթօ