ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան յայտնած է, որ շուտով Երեւանի օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ կը զետեղուի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովով որոշուած «Նեմեսիսի» գործողութեան հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող այս յուշարձանը: Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին վերոյիշեալ անդրադարձը. «Շուտով Երեւանի օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ կը զետեղուի ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովով որոշուած «Նեմեսիս»ի գործողութեան հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող այս յուշարձանը: Փառք այդ հերոսական սերունդին: Վարձքը կատար հետեւեալ նախաձեռնողներուն եւ աջակիցներուն` Արտեօմ Երկանեան, Արմէն Գէորգեան, Տիգրան Բարսեղեան, Կամօ Արէյեան, Արթուր Մեսչեան, Դաւիթ Ճգնաւորեան, Արմէն Գալճեան, Սուրէն Էյրամճեան, Աշոտ Մելքոնեան, Արսէն Աւագեան, Արարատ Գոմցեան, Լիւդուիկ Սարգսեան, Իզապելա Աբգարեան»: