Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Առողջապահութեան նախարար Նիզար Եազճի շեշտեց, որ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը 500-ը անցած է, հետեւաբար գալիք օրերուն երկրին առողջապահական իրավիճակը պիտի բարդանայ եւ կարելի պիտի չդառնայ այս թիւը սահմանափակել, եթէ չյարգենք կառավարութեան ճշդած նախազգուշական քայլերը, ինչ որ վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ միջավայրին վրայ։ Միւս կողմէ, ինչպէս որ նախապէս յայտարարուած էր, կարելի չէ տնտեսական եւ ծառայողական շարժումը կասեցնել այս նիւթական դժուար պայմաններուն մէջ, հետեւաբար պէտք է բոլորս գիտակցինք այս փուլին վտանգին եւ համաճարակի աղէտալի հետեւանքներուն:
Եազճի յայտնեց, որ այս առիթով նախարարութիւնը որոշեց սուգի եւ հարսանեկան սրահները անգամ եւս փակել, նկատի ունենալով ժողովուրդին ցուցաբերած անգիտակցութեան եւ սուրիական կառավարութեան ճշդած նախազգուշական քայլերը չգործադրելը:
Պսակաձեւ ժահրով մահացածներուն թիւը աճ արձանագրելուն շուրջ, Եազճի յայտնեց, որ արձանագրուած մահերուն պատճառները ցարդ անյայտն են, եւ ընդհանրապէս պատճառը այն է, որ վարակուած պարագան տունը կը նախընտրէ մնալ եւ վիճակը բարդանալէ ետք կը դիմէ բժիշկի, այն ինչ որ ապարդիւն է:
Եազճի յայտնեց, որ Սուրիոյ հանրային առողջապահութեան տարալուծարանները օրական շուրջ 300 պսակաձեւ ժահր յայտնաբերող PCR քննութիւնը կը կատարէ եւ նախարարութիւնը այս առումով օժանդակութիւն ստացած է բարեկամ Չնաստանէն եւ Ռուսիայէն, ինչպէս նաեւ միշտ առցանց քայլ կը պահէ պսակաձեւ ժահրի վերաբերող վերջին բուժումներէն եւ պատուաստներէն տեղեակ մնալու համար:
Եազճի եզրափակելով հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող 100 կառավարակ
ան հիւանդանոցներուն մէջ տրամադրուած է 800 շնչառութեան գործիք, վարակուած պարագաները ընդունելու համար: