ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականին միացաւ Արժանթին հաստատուած Ֆապեան Սաատէն: 1989-ի ծնունդ մարզիկը մաս կազմած է Արժանթինի պատանեկան եւ երիտասարդական հաւաքականներուն, որոնց հետ տիրացած է այլ տիտղոսներու: FIBA-ի արտօնութիւնը ստանալէ ետք, Ֆապեան իրաւունք ունեցած է մաս կազմելու Սուրիոյ հաւաքականին. ան մօտ օրէն մաս պիտի կազմէ փորձերուն:
– Հըթթին խումբէն պարտութեան մատնուելէ ետք, Լաթաքիոյ Թըշրին խումբի մարզիչ Տիրար Ռէտաուին իր հրաժարականը ներկայացուց: Վարչութիւնը խումբին նոր մարզիչ նշանակեց Մահէր պահրին, որ անցեալ տարի Թըշրինին հետ տիրացաւ Սուրիոյ ախոյեանութեան:
– Սուրիոյ հաւաքականի խաղացող Օմար Խուրէիպի երկու շաբաթ պիտի բացակայի իմարաթեան Ուահտէ խումբէն՝ ծունկի վնասուածք մը ստանալուն համար:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԳՈՌ ՄԻՆԱՍԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Երեւանի պետական մարզական ողոմպիական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ 2021-ի Հայաստանի տղոց ծանրամարտի առաջնութիւնը: Հայաստանի ազգային ողոմպիականի կոմիտէի մամուլի ծառայութիւնը յայտարարեց, որ մրցումներուն մասնակցութիւն բերած է 109 քկ ծանրութեան աշխարհի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանը։ Ան գրաւած է երրորդ հորիզոնականը: Ծանրութեան այս մրցումին Հայաստանի ախոյեան դարձած է նաեւ կիւմրեցի ծանրորդ Գոռ Մինասեանը: Կիւմրիի լաւագոյն խաղացողներու պատիւին արժանացան նաեւ Գառնիկ Չոլաքեանը (55 քկ), Նշան Անտոնեանը (73 քկ) եւ Սամուէլ Գասպարեանը (109 քկ): Հայաստանի ախոյեան հռչակուեցաւ նաեւ քասախցի Մոնթէ Մխիթարեանը (67 քկ), էջմիածինցիներ՝ Անդրանիկ Պապեանը (61 քկ), Կարէն Մարգարեանը (81 քկ), Անդրանիկ Կարապետեանը (89 քկ), Դաւիթ Յովհաննէսեանը (96 քկ) եւ Արսէն Մարտիրոսեանը (102 քկ): Աւելցնենք, որ ծանրամարտի Հայաստանի հաւաքականը յառաջիկային ուսումնամարզական հաւաքներ պիտի կատարէ Ծաղկաձորի եւ Ողոմպիաւանի մէջ։ Հաւաքականը պիտի պատրաստուի Եւրոպայի առաջնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ 4 Ապրիլին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ ԽԱՂԱՑՈՂ ՄԻԼԻԹԱՈՒԱՆ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ
Սպանիոյ մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտ ակումբը իր պաշտօնական էջին վրայ յայտարարեց, որ խումբի պրազիլցի պաշտպանողական խաղացող Իտէր Միլիթաուան վիրաւորուած է, որուն համար ալ պիտի բացակայի խումբի մըրցումներէն: Ըստ յայտարարութեան, ան պիտի ենթարկուի բժշկական յատուկ քննութեան, որմէ ետք պիտի յստականայ անոր բացակայութեան ժամանակաշրջանը: Աւելցնենք, որ մայրաքաղաքի խումբի շարք մը խաղացողներ կը բացակային մրցումներէ զանազան պատճառներով, ինչպէս՝ Իտէն Հազարտ, Սերճիօ Ռամոս, Լուքաս Վասքէս, Տանի Քարվախալ եւ Վէտի Վասքէս: Մարզական լրատուական կայքէջերու լուրերուն մէջ յիշուած է, թէ Ռէալ Մատրիտի վարչակազմը մտադիր է վաճարել խումբին յարձակողական խաղացող Իտէր Հազարտը:
ՌՈՒՍԻՈՅ ԹԵՆԻՍԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԴԱՐՁԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ
Ռուսիոյ թենիսի հաւաքականը շարունակելով իր յաղթական երթը կրցաւ տիրանալ թենիսի արհեստավարժ դաշնութեան մրցաշարքի ախոյեանութեան: Հաւաքականը աւարտական մըրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իտալիոյ կազմը: Առաջին մրցումին ռուս մարզիկ Անտրէ Ռոտոլֆ յաղթեց Ֆապիօ Ֆոնթիին 1-6 / 2-6 արդիւնքով, իսկ երկրորդին՝ Տանիէլ Մետվետեւը պարտութեան մատնեց Մաթիօ Պերենին 4-6 / 1-6 արդիւնքով:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ