Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Մոսկուա կառչած է Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտի ստեղծելու ծրագիրին՝ առ ի գործադրութիւն Սոչիի մէջ Փութինի եւ Էրտողանի նախորդ տարուան համաձայնութեան:
Յիշենք, որ 27 Օգոստոս 2019-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան Մոսկուա այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ: Կողմերը լուսարձակի տակ առին սուրիական թղթածրարը, յատկապէս Իտլիպի վերջին զարգացումները:
Թուրքիա վերադառնալէն ետք, Էրտողան յայտնեց, որ Փութինի հետ հանդիպումին ընթացքին կարեւորած է Իտլիպի դէմ իրագործուող բոլոր յարձակումներուն դադրեցումը: Ան կարեւոր համարած է նաեւ Ասթանայի մէջ գոյացած համաձայնութիւններու իրագործումը։