«Արմէնփրէս».-Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան 23 Սեպտեմբերին ընդունած է ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի մշտական ներկայացուցիչ Տմիթրի Մարիյասինը:
Հանդիպման ընթացքին Արման Թաթոյեան ներկայացուցած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնները եւ գործառոյթները, մասնաւորապէս` հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց իրաւունքներու ապահովումը: Պաշտպանը տեղեկացուցած է աշխատակազմին մէջ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող բաժինի ստեղծման ու անոր կարեւորութեան մասին:
Քննարկուած են մարզային նոր ստորաբաժանումներու, ինչպէս նաեւ աշխատակիցներու կարողութիւններու զարգացման հարցերը:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կարեւոր համարած է ՄԱկ-ի Զարգացման ծրագիրի հայաստանեան գրասենեակին հետ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ գործակցութիւնը եւ իրագործուած շարք մը ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը:
Տմիթրի Մարիյասին բարձր գնահատած է Պաշտպանի աշխատանքը մարդոց իրաւունքներու երաշխաւորման առումով, ապա ձեւաւորուած գործակցութիւնը ընդլայնելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է: