Անցնող օրերուն, կազմակերպական համապատասխան կարգով, ՀՅԴ կազմակերպութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկեց վերջին երկամեակի սուրիահայութեան պարզած իրավիճակը, կատարուած աշխատանքները՝ կազմակերպական քաղաքական, ներազգային, ծառայողական, քարոզչական, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ:

Քննեց սուրիահայութեան վերականգնումի ներկայ փուլը, ապագայ պատկերացումները եւ առ այդ կատարեց եզրայանգումներ, ուղենշումներ եւ գոյացուց որոշումներ:
Հաւատարիմ մնալով սուրիական հայրենիքին եւ անոր հողային ամբողջականութեան, վերահաստատեց Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման եւ սուրիական ընկերութեան համերաշխ համակեցութեան զօրակցող իր կեցուածքը:

Վերանորոգեց իր յանձնառութիւնը՝ սատար կանգնելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան հզօրացման ու զարգացման գործընթացին, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան անվտանգութեան երաշխիքներու ամրագրման:

ՀՅԴ կազմակերպութիւնը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, վճռակամօրէն պիտի շարունակէ իր ժողովրդանուէր ծառայութիւնը՝ ի խնդիր համայն սուրիահայութեան պատմական դերակատարութեան ամրապնդման եւ անոր վերելքին:

Տեղեկատուական Գրասենեակ
29 Սեպտեմբեր 2019