Հայոց լեզուի դասաւանդումը Ատրպէյճանի մէջ տարիներ շարունակ կ՛իրականանայ: Կրթական ծրագիրներու իրականացման համար պետական մակարդակով հրապարակուած են շարք մը դասագիրքեր ու ձեռնարկներ:
2 Օգոստոսին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին Ատրպէյճանի միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծական կեդրոնի կառավարման խորհուրդի նախագահ Ֆարիտ Շաֆիեւ յայտարարած է, որ կեդրոնին մէջ կը ծրագրէ հայագիտութեան հետազօտական բաժին բանալ, որ կը զբաղի հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսումնասիրութեամբ: «Մենք պէտք է համակողմանիօրէն ուսումնասիրենք Հայաստանը, այդ կարգին` անոր քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը, պատմութիւնը, գրականութիւնը: Մենք կը մտածենք նաեւ կեդրոնի մէջ հայոց լեզուի դասընթացներ կազմակերպել: Ատրպէյճանի մէջ հայերէն իմացող քիչ մասնագէտներ կան», ըսած է Ֆարիտ շաֆիեւ:
Շաֆիեւի խօսքով, տեղի կ՛ունենան Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին շարք մը ուսումնասիրութիւններ , հայագիտութեան բաժինի բացման նպատակը հակամարտութեան «իրողութիւն»ը միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս փորձագէտներուն հասցնելն է:
Ատրպէյճանի պետական քարոզչամեքենային կողմէ նման քաղաքականութիւնը շարք մը նպատակներ կը հետապնդէ.
Պատրաստել կառոյցներ՝ յատկապէս հետախուզական ծառայութիւներու համար, որոնք նաեւ պիտի իրականացնեն տեղեկատուական հետախուզութիւն.
Պատրաստել մասնագէտներ, որոնք կը ներգրաւուին կրթական ծրագիրներուն մէջ ու կը մասնակցին նոր քատրերու պատրաստման գործընթացին.
Հայալեզու կայքերու նիւթերը խմբագրել եւ հայ օգտատէրերու անունով բացուած ընկերային ցանցերու հարթակները կառավարել:

Անկախ Ատրպէյճանի տարածքին կրթական ծրագիրներու մշակումէն եւ համապատասխան կեդրոններու բացումէն, ուսանելու նպատակով օտարերկրեայ յատկապէս Թուրքիոյ համապատասխան ուսումնական հաստատութիւններ ուղղարկել ուսանողներ:

Յովիկ Աւանէսով
Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի կովկասագիտական կեդրոնի գիտաշխատող