Այս թիւով կը ներկայացնեմ արեւմտահայ արձակագիր Արամ Հայկազի «Երջանկութիւն» հատորը:
Շապին Գարահիսարցի գրագէտը լիովին ապրելով բռնագաղթը, օտարութիւնն ու որբութիւնը (կարդալ «Քիւրտիստանի Լեռներուն մէջ» պատմուածքներու հաւաքածոն) այս հատորին մէջ անջրպետ մը ստեղծելով, անցեալէն կը հեռանայ ու կը սկսի թիավարել դէպի Արեւմուտք, Նիւ Եորք: Կարճ պատմուածքներով, նորարական ու պարզ ոճով դարպասներ բանալով կը ծանօթացնէ Ամերիկայի նախապաշարումները, բարքերն ու մարդիկը: Օտար միջավայրին ընտելանալու իր ջանքերը միշտ ալ զուարթախոհ շեշտով օժտուած են:
Գլխաւոր հերոսը գրողն է, որուն շուրջ կը դառնան դէպքերը: Արամ Հայկազ, լոյս արձակելով ինքն իր վրայ, կը ներկայացնէ տղուն առաջին վաստակով հպարտացող հայրը՝ «Երջանկութիւն», իր թոռներուն կեանքի ճանապարհը հարթ դարձնող մեծ հայրը՝ «Կեանքի ու Մահուան Մասին», երկու թռչուններուն կեանքին գնացքին հետեւող ու խորհող մարդը՝ «Տուն Արի», «Աշնան Մէջ Գարուն»ը ապրող ու զգացող սիրահար ասպետը, մուրացկանի մը բարեկամը՝ «Մարդը եւ Արեւահար Շունը» եւ այլն:
Արամ Հայկազի հերոսները պարզ մարդիկ են, որոնց ապրումներն ու վարքը մասնաւոր յատկանշական շնորհքով չեն օժտուած՝ լեցնել կարենալու պատմութեան էջերը: Անոնք առօրեայի խառնիճաղանճ  պահերուն, կեանքի հեզասահ ընթացքին յանձնուած մարդիկ են, որոնք իրենց զգացումներուն եւ ժամանակին տէրը չեն: Հերոսները միշտ ալ հեղինակին կեանքէն սրընթաց անցնող ուղեւորներ են, իսկ ինք՝ մշտապէս անոնց մէջ բարին, մարդկայինն ու ազնիւը նշմարողը:
Հեղինակը ընդհանրապէս բարձր ոճի հետամուտ արձակագիր մը չէ: Պատմուածքներուն մէջ գերիշխողը իր խառնուածքին քաղցր ջերմութիւնն է ու պերճախօսութիւնը, որոնք աւելի հարազատ ու պարզ մթնոլորտ մը կը ստեղծեն ու կը ներշնչեն ընթերցողը:
Գիրքին նախաբանին մէջ յիշուած է. «Կեանք կոչուածը երբեք ալ տեւականօրէն ուրախ կամ թաթաւուն չէ. փոխն ի փոխ ուրախ կամ վշտալի, պայծառ կամ մռայլ օրեր կը կազմեն օղակները այն շղթային, որ կեանք կը կոչուի»: Ուրեմն ինչո՞ւ Արամ Հայկազ իր հատորին որպէս խորագիր «Երջանկութիւն»ը ընտրած է:
Ան յոռետեսութեան, փորձանքին, վախճանին ու այլ ժխտական երեւոյթներու  յորձանքին հետեւողը չէ, այլ միշտ անոնց հետ կեանքի բարիքը եւ լաւատեսութիւնը, զօդողն է ժխտականին հետ դրական յատկութիւնները մատնանշողը: Իր  տողերն ու ըսելիքը յստակ են: Երեւոյթները բացատրելու համար խորը չի թափանցեր կամ հերոսներ չի գծեր բարդ հոգեվիճակներով։ Անկումային տրամադրութիւններով չ’աւարտեր իր պատմուածքները, այլ՝ հիւմորային, հաճելի նորութիւններով ու սրամիտ երկխօսութիւններով նոր գոյն կու տայ իր պատմուածքներուն: Ան մարդ ըլլալու արուեստը կը սորվեցնէ: Ընթերցողը իր հետ քայլ առնելով կ’ապրի ու կը պտտի Հիւլիպրէնտի շրջանը, Նիւ Եորքի Քենըտի օդակայանը, Հոլիուտի 53-րդ փողոցի կայարանը, հոյակապ բարտիներու պարտէզը եւ այլ վայրեր:
Հատորը լոյս տեսած է 1978-ին՝ իր պատկերաւոր բացատրութիւններով, տեղ-տեղ յայտնուած անակնկալներով եւ անկեղծ խոստովանութիւններով:
Հակառակ իր ապրած պատանութեան դառն օրերուն, Արամ Հայկազ կը մնայ տիպար այն արձակագիրը, որ միշտ երջանկութեամբ ու  բարի հոգիով դիտած է աշխարհը:
Լարա Արթին