Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր բազմակողմանի ծառայութիւններուն մէջ մշակութային մարզը յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է: Արդարեւ, կաթողիկոսարանի ընդհանուր կառոյցին մէջ զուտ մշակութային արժէք ներկայացնող բաժանմունքներն են` մատենադարանը (հնատիպ եւ արդի գիրքեր), «Կիլիկիա» թանգարանը, ձեռագիրները, արխիւները, «Հասկ» ամսագիր պաշտօնաթերթը, «Հասկ Հայագիտական»ը, տպարանը եւ հրատարակչական ծրագիրները:
Մշակութային ոլորտէն ներս կաթողիկոսութիւնը թէ՛ թեմերու մակարդակին վրայ եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային կառոյցներուն հետ սերտ գործակցութեան իւրայատուկ առաքելութիւն կ՛իրականացնէ ի նպաստ հայ ժողովուրդի մշակութային զարգացման:
Այս մարզէն ներս Ուրբաթ 8 եւ Շաբաթ 9 Նոյեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած «Հայերու Փրկութեան Գործը Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ. 1915-1923 թթ.» գիտաժողովին յանուն կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ մատենադարի եւ հնատիպերու տնօրէն Շահան Արք. Սարգիսեան, ուր զեկոյց ներկայացուց «Որբանոցէն Կաթողիկոսարան. Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հաստատումը Անթիլիասի Մէջ» վերնագրով: Սրբազան հայրը պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէնութեան հետ: Ուրբաթ, 8 Նոյեմբեր 2019-ի կէսօրին տեղի ունեցաւ «Փոխըմբռնման Յուշագիր»ի պաշտօնական ստորագրութիւն` առաւել սերտացնելու համար արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը եւ նոր մղում տալու մասնաւորաբար հայ ձեռագիրներու, մատենագրական աշխատասիրութիւններու եւ նմանօրինակ նիւթերու հետազօտութեան: Սրբազան hայրը նաեւ այցելութիւններ տուաւ Ցեղասպանութեան թանգարան, Ազգային արխիւ եւ Կոմիտասի անուան թանգարան` գործակցութեան կարելիութիւններ ու ծրագիրներ պատրաստելու առաջադրութեամբ: