Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զոպուեանի եւ կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի վարչութեան, Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր, 2019-ի երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ամանորի շքեղ տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի, Պատկան Մարմինի, թաղականութեան ներկայացուցիչներու քահանայ հայրերու, Հալէպէն սրբազան հօր հետ ժամանած պատուիրակութեան եւ ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհի Անի Սարգիսեանի։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերուհի Ռուզան Պետրոսեան-Ղազարեան, որ սրբազան հօր եւ ընկերակցող պատուիրակութեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց, ապա հրաւիրեց հոգեշնորհ հայր սուրբը օրուան խորհուրդը տալու։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր Գամիշլի այցելութեան համար, մաղթելով իրեն քաջառողջ, երկար կեանք ուժ եւ կորով՝ շարունակելու իր նուիրեալ առաքելութիւնը։

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց հայ կնոջ դերը եւ զոհաբերումը, նամանաւանդ դժուար այս պայմաններուն մէջ, դիտել տալով, որ սուրիական պատերազմը յայտնաբերեց հայ կնոջ վսեմ առաքելութիւնն ու խիզախ կամքը, որոնց շնորհիւ ան կրցաւ դիմագրաւել զանազան տեսակի դժուարութիւններ եւ պահապան հանդիսացաւ իր ընտանիքին այլասերման վտանգէն։ Տօնակատարութիւնը խանդավառեց Կաղանդ Պապային ժամանումը, որ զուարճացուց երեխաները եւ գեղեցիկ նուէրներով տուաւ անոնց։